Ուաշինկթըն Մերժեց Արցախահայութեան Բռնագաղթը Ցեղային Զտում Կոչել

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը մերժեց Արցախէն հայերու բռնագաղթը ցեղային զտումներ կոչել, եզրակացնելով, թէ․․․«որովհետեւ տակաւին ապացոյցներ չկան»: Այս մասին կը հաղորդէ «Հայրենիք»-ը։ Նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր նշեց, որ Միացեալ Նահանգները […]

Ընդառաջելով Լիբանանցի Պատասխանատուներու Կոչին` Արցախի Զօրակցութեան Յատուկ Քննարկում` «Կապրիէլ» Պանդոկին Մէջ

«Ազդակ» Ընդառաջելով  լիբանանցի պատասխանատուներու եւ առնչակից անձնաւորութիւններու կոչին` Արցախի զօրակցութեան յատուկ խորհրդաժողով մը գումարուեցաւ երէկ` Երեքշաբթի, 3 Հոկտեմբեր 2023-ի երեկոյեան Էշրեֆիէի «Կապրիէլ» պանդոկին մէջ: Արցախի, յատկապէս հոն արձանագրուած վերջին իրադարձութիւններուն […]

ԵՄ-ն Պէտք է Ապահովէ Արցախահայերուն Ապահով Վերադարձն ու Անվտանգ Կեանքը ԼՂ-ի Մէջ․ Անտրէյ Գովաչեւ

Մենք վերջին տասնամեակներուն միջազգային հանրութեան լրջագոյն ձախողման ականատեսն ենք։ Այս մասին յայտարարած է Եւրոխորհրդարանի պուլկարացի պատգամաւոր, Հայաստանի հարցերով զեկուցող Անտրէյ Գովաչեւը Եւրոխորհրդարանին մէջ տեղի ունեցող «Իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ազրպէյճանի […]

Օժանդակութեան Մարմին Արցախի Հայութեան` Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հովանաւորութեամբ

Քանի մը օրեր առաջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը համազգային զօրաշարժ յայտարարած էր` ի խնդիր Արցախի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ընկերատնտեսական կարիքներու օժանդակութեան: Այս ծիրին մէջ կաթողիկոսը, խորհրդակցելէ ետք Մեծի Տանն […]

ՀՀ Ազգային Ժողովը Վաւերացուց Հռոմի Կանոնադրութիւնը

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովը վաւերացուց Հռոմի կանոնադրութիւնը (Հռոմի ստատուսը)։ Հռոմի կանոնադրութիւնը վաւերացնելու մասին նախագիծը ընդունուեցաւ Ազգային Ժողովի նիստին՝ ստանալով 60 կողմ, 22 դէմ, 0 ձեռնպահ ձայն: «Հայաստան» եւ «Պատիւ Ունեմ» […]

­Բազ­մա­մարդ Բո­ղո­քի Հա­ւաք եւ Քայ­լերթ Ա­թէն­քի Մէջ

«ԱԶԱՏ ՕՐ» Անց­նող շա­բա­թա­վեր­ջին, Եւ­րո­պա­յի հայ­կա­կան գա­ղութ­նե­րու ամ­բողջ հա­յու­թիւ­նը ոտ­քի կանգ­նե­ցաւ եւ ա­ւե­լի քան 24 մեծ քա­ղաք­նե­րու մէջ միա­հա­մուռ ո­գիով դէմ կե­ցաւ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ կա­տա­րո­ւած պա­տե­րազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն եւ Ար­ցա­խի ա­պօ­րի­նի […]

ազրպէյճանը Պէտք է Պատասխանատուութեան Ենթարկուի եւ ալիեւի Վարչաձեւին Դէմ Պէտք է Պատժամիջոցներ Սահմանուին․ Եւրոպատգամաւոր

Եւրոխորհրդարանի «Իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ազրպէյճանի յարձակումէն ետք եւ Հայաստանի հասցէին շարունակուող սպառնալիքները» թեմայով քննարկման ժամանակ ֆրանսացի պատգամաւոր Նաթալի Լուազոն դատապարտած է ամիսներ շարունակ Եւրոպայի «բացակայութիւնը», երբ Արցախի մէջ հայերը […]

Չարեքդարի Վանքը ազրպէյճանական Վանտալութեան Թիրախ

Սոյն թուականի Սեպտեմբեր 19-20 ազրպէյճանի կողմէ իրականացուած զինուած լայնածաւալ յարձակման իբրեւ արդիւնք Արցախի Հանրապետութեան շարք մը յուշարձաններ յայտնուեցան վտանգի գօտիի եւ ոչնչացման ուղիղ սպառնալիքի տակ։ Այս մասին կը գրէ monumentwatch.org-ը։ […]

Մայր Աթոռը Կը Կազմակերպէ Արցախցի Դպրոցականներու Ուսումը Կալկաթայի Հայոց Մարդասիրական Ճեմարանին Մէջ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հովանիին ներքոյ գործող Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարանը կը կազմակերպէ ընդունելութիւն 7-10 տարեկան արցախցի տղաներու եւ աղջիկներու համար: Հայոց մարդասիրական ճեմարանին մէջ ուսուցումը անգլերէնով է, բացառութեամբ «Հայոց […]

ազրպէյճանը Առեւանգած է ԱՀ Նախկին Նախագահներ Բակօ Սահակեանը, Արկադի Ղուկասեանը եւ ԱՀ ԱԺ Նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը

ազրպէյճանը պաշտօնապէս հաստատած է, որ ազրպէյճանի ԱԱԾ-ն առեւանգած եւ պաքու տեղափոխած է Արցախի Հանրապետութեան նախկին նախագահներ Բակօ Սահակեանը, Արկադի Ղուկասեանը եւ Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը։