Իտալական Տրեւիզօ Քաղաքին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Ցեղասպանութեան 111-րդ Տարելիցին Նուիրուած Նախաձեռնութեան Բացումը

Ապրիլ 11-ին, Իտալիոյ Վենետօ մարզի Տրեւիզօ քաղաքին մէջ, քաղաքային եւ մարզային իշխանութիւններու, մտաւորականութեան, հասարակական գործիչներու եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ, տեղի ունեցաւ «Երկրի վրայ կրկին լուսաբացներ կը ծագին» մշակութային ծրագրի […]

Արցախի Պատուիրակութիւնը Եւրոպական Խորհրդարանին Մէջ Հանդիպումներ Ունեցաւ

Ապրիլ 14-ին Պրիւքսէլի մէջ, Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ, կազմակերպուեցան հանդիպումներ Արցախի պատուիրակութեան եւ Եւրոպական խորհրդարանի անդամներու միջեւ։ Քննարկումներ տեղի ունեցան Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներ Լուգաս Ֆուրլասի եւ Յանիս Մանիատիսի հետ։ […]

Դատարանը Արդարացուց Թուրքիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Ֆիլմը Ցուցադրած Գործիչը

Տիգրանակերտի (Տիարպեքիր) մէջ, «Աւրորայի Լուսաբացը» վաւերագրական ֆիլմը ցուցադրելուն համար քրէական հետապնդումի ենթարկուող Ռոճհիլաթ Աքսոյ անպարտ արձակուեցաւ Ապրիլ 6-ին։ Աքսոյ կը դատուէր Թուրքիոյ քրէական օրէնսգրքի տխրահռչակ 301-րդ յօդուածով՝ «թրքութիւնը վիրաւորելու» մեղադրանքով։ […]

Ապրիլը «Հայոց Պատմութեան Ամիս» Հռչակուեցաւ Լոս Անճելըսի Մէջ

Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի (Board of Supervisors) անդամ Քեթրին Պարկըրի գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ Երեքշաբթի, Ապրիլ 7-ին գումարած իր նիստին ընթացքին, խորհուրդը միաձայնութեամբ որոշեց Ապրիլը «Հայոց Պատմութեան Ամիս» հռչակել՝ […]

ՀՅԴ-ի Թեկնածուները Նշանակուեցան Տնտեսական-Ընկերային-Կենսոլորտային Խորհուրդի Անդամներ

Լիբանանի կառավարութիւնը 5 մարտ 2026-ին վարչապետարանին մէջ իր գումարած ժողովին նշանակեց Տնտեսական-ընկերային-կենսոլորտային խորհուրդի անդամները, որոնցմէ երկուքը` ՀՅԴ-ի թեկնածուներ Լուիզա Պապոյեան-Ազեզեան եւ դոկտ. Շաղիկ Գանտահարեան-Խիւտավերտեան: Լուիզա Պապոյեան-Ազեզեան 1997-ին աւարտած է Սեն […]

Ֆրանսացի Լրագրողները Հանդիպած են Արցախի Իշխանութիւններուն Հետ

Մարտ 25-ին, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ, ԱՀ նախագահի պաշտօնակատար Աշոտ Դանիէլեանը Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցչութեան մօտ ընդունած է ֆրանսացի երաժիշտ, լրագրող եւ փիլիսոփայութեան դոկտոր Ուլիս Մանեսը եւ ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ» […]

ՄԱԿ-ի Բարձրաստիճան Պաշտօնեաներուն՝ Արցախի Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Հարցով Նամակներ Յանձնուած Են

Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի 61-րդ նստաշրջանին ընթացքին, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին նախաձեռնութեամբ կազմուած Արցախի Ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան յանձնախումբի անդամ, Ընկերվար Միջազգայնականի փոխ-նախագահ եւ անոր մօտ ՀՅԴ […]

Կոչ Կ՝ընենք Անյապաղ Ազատ Արձակելու պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիները եւ Կանխել Արցախի Մէջ Մշակութային Ժառանգութեան Ոչնչացումը. Մարիօ Նալպանտեան

Սոցիալիստական ինտերնացիոնալի մէջ ՀՅԴ ներկայացուցիչ եւ կազմակերպութեան փոխնախագահներէն Մարիօ Նալպանտեանը Մարտ 12-ին Ժընեւի մէջ կայացած ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 61-րդ նստաշրջանի ընթացքին, որպէս Սոցիալիստական ինտերնացիոնալի ներկայացուցիչ, հանդէս եկած է ելոյթով․ […]

ազրպէյճանի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդներուն Արգիլուած է Աստուածաշունչ Ստանալ

«ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ բանտարկեալներուն, ըստ անոնց ընտանիքներուն, արգիլուած է կրօնական նիւթեր, մասնաւորապէս՝ Աստուածաշունչ ստանալ»,- այս մասին նշուած է ԱՄՆ Միջազգային կրօնական ազատութեան յանձնաժողովի (USCIRF) 2026թ. տարեկան զեկոյցին մէջ: Զեկոյցի՝ […]

ԱՄՆ Միջազգային Կրօնական Ազատութեան Յանձնաժողովը փաշինեանին Կողմէ ՀԱԵ Դէմ Իրականացուող Յարձակումներուն Վերաբերեալ Զեկոյց Պատրաստած է

Շնորհակալ ենք ԱՄՆ Միջազգային կրօնական ազատութեան յանձնաժողովին նիկոլ փաշինեանին կողմէ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ դէմ իրականացուող յարձակումներուն վերաբերեալ այս խիստ զեկոյցը պատրաստելու համար։ Այս մասին գրած է միջազգային փաստաբան Ռոպերթ Ամսթերտամը։ […]