Category: Այլեւայլ
Կեանքը Շարունակելու Պատգամ. 44-օրեայ Պատերազմէն Ետք Առաջին Անգամ Արցախի Դրամատիկական Թատրոնը Հանդէս Պիտի Գայ Պեռլինի եւ Քէոլնի Մէջ
Ստեփանակերտի Վահրամ Փափազեանի անուան դրամատիկական թատրոնը՝ 13 հոգիէ բաղկացած դերասանական կազմով՝ Յունիս 24-ին, Քէոլնի մէջ, եւ Յունիս 26-ին, Պեռլինի մէջ հանդէս պիտի գայ «Երկնքից երեք խնձոր ընկաւ» ներկայացումով: Այս մասին, […]
«Մանկութեան Երանգներ» Խորագիրով Ցուցահանդէս՝ Ստեփանակերտի Պոլ Էլիւարի Տուն Ֆրանգոֆոնիայի Կեդրոնէն Ներս
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակը կը յայտնէ, որ Յունիս 30-ին, ժամը 11:00-ին, Ստեփանակերտի Պոլ Էլիւարի տուն ֆրանգոֆոնիայի կեդրոնէն ներս տեղի պիտի ունենայ «Մանկութեան երանգներ» խորագիրով ցուցահանդէս: «Մանկութեան […]
Արցախի Մէջ Պիտի Կայանայ «Ապրելու Ձայնը» Խորագիրով Փառատօն
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակը հրապարակած է Արցախի մէջ կազմակերպուող «Ապրելու ձայնը» խորագիրը կրող գրական մշակութային օրերուն ժամանակացոյցը.
«Ոսկէ Ծիրան»-ը Յատուկ Ծրագիրով Պիտի Անդրադառնայ 44-օրեայ Պատերազմին. Պիտի Ներկայացուի Տարբեր Երկիրներու Նկարահանած 5 Ֆիլմ
Երեւանի շարժանկարներու «Ոսկէ Ծիրան» միջազգային փառատօնը 2022-ին շարժանկարի արուեստի սիրահարներուն հնարաւորութիւն պիտի տայ ծանօթանալու յատուկ ծրագիրի, որուն ծիրէն ներս պիտի ներկայացուին ֆիլմեր, որոնք կ՝անդրադառնան Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին: Այս մասին կը […]
Ազատ Ոճային Պատանի Ըմբիշները 5 Մետալ Նուաճած Են Եւրոպայի Առաջնութեան
Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի պատանիներու հաւաքականը 1 արծաթէ եւ 4 պրոնզէ մետալ նուաճած է Պուխարեսթի մէջ աւարտած Եւրոպայի պատանիներու առաջնութեան: Այս մասին կը յայտնեն ԿԳՄՄ նախարարութենէն։ Հայաստանը խմբային հաշուարկի մէջ […]
Հայաստան Մալթայի Մէջ Կը Մասնակցի Եւրոպայի Աթլեթիզմի Փոքր Երկիրներու Ախոյեանութեան
Հայաստան 15 մարզիկով (8 տղայ եւ 7 աղջիկ) կը մասնակցի Մալթայի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի աթլեթիզմի փոքր երկիրներու ախոյեանութեան։ Այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէն։ Հաւաքականին մէջ են […]
Պատերազմի Օրերուն Խրամատներու Մէջ Քաջերու Ստեղծած Արուեստի Գործերը Ցուցադրուեցան Երեւանի Մէջ
Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Խրամատային գեղարուեստ» խորագիրով հանրապետական ցուցահանդէսը, որուն ընթացքին ցուցադրուեցան Արցախեան երեք պատերազմներուն ընթացքին մարտեր մղած եւ անգամ խրամատներու մէջ ստեղծագործած քաջերուն գործերը։ Այս մասին կը հաղորդէ Գանատայի […]
Յովհաննէս Պաչգովը՝ Եւրոպայի Բռնցքամարտի Առաջնութեան Եռակի Ախոյեան
Հայաստանի բռնցքամարտի հաւաքականի անդամ, Ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր Յովհաննէս Պաչգովը երեք անգամ դարձաւ Եւրոպայի առաջնութեան ախոյեան` պատմական արդիւնք գրանցելով հայկական բռնցքամարտի պատմութեան մէջ: Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ ընթացող […]
«Ե՛կ Աշխարհը Պիրինք Արցախ» Նախաձեռնութիւնն ու Ափոն
Մշակութային Արցախ Ափօ Սահակեանի հեղինակային երգերը ամենեւին չէին տարբերեր շատերուս ծանօթ ու սիրելի ազգային-ազատագրական երգերէն։ Երգիչ, երգահան, գրող Ափօ Սահակեանը ժամանած է Երուսաղեմէն։ «Ե՛կ աշխարհը պիրինք Արցախ» նախաձեռնութեան ծիրէն ներս […]
Գաբրիէլ Սարգսեան Պարտութեան Մատնեց Ազրպէյճանցի Շախմատիստը
Սլովենիոյ մէջ ընթացող ճատրակի Եւրոպայի անհատական առաջնութեան նախավերջին խաղին՝ Հայաստանի հաւաքականի յառաջատար Գաբրիէլ Սարգսեան պարտութեան մատնած է ազրպէյճանցի Ապտուլա Կատիմպայլին։ Այս մասին կը հաղորդէ chess24.com-ը։ Սարգսեան խաղցած է սպիտակներով, եւ […]










