Արցախեան Գինիի 5-րդ Փառատօնը Տեղի Պիտի Ունենայ Սեպտեմբեր 15-ին

Հադրութի շրջանի Տող գիւղին մէջ, Սեպտեմբեր 15-ին, պիտի կայանայ Արցախեան գինիի հինգերորդ փառատօնը։ Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան տեղեկութիւններով՝ արդէն աւանդական դարձած այդ իրադարձութեան ծրագիրը պիտի ընդգրկէ արցախեան գինիի […]

Հայաստանը Ներկայացնող Ջրացատկորդներ Վլատիմիր Յարութիւնեան-Լեւ Սարգսեան Զոյգը Եւրոպայի Առաջնութեան Պրոնզէ Մետալակիր

Օգոստոս 6-12, Մեծ Բրիտանիոյ մէջ ընթացող ջրային մարզաձեւերու Եւրոպայի առաջնութեան, 10 մեթր սինքրոն աշտարակացատկ մրցաձեւին մէջ, ջրացատկորդներ Վլատիմիր Յարութիւնեան-Լեւ Սարգսեան զոյգը յայտնուած է 3֊րդ տեղը՝ զիջելով Ռուսիոյ Դաշնութիւնը (1-ին տեղ) […]

Նիկոլ Փաշինեան Այցելեց «Տաւուշ Տեքստիլ» Ընկերութիւն. Ձեռնարկութիւնը Մասնագէտներու Կարիք Ունի

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Օգոստոս 10-ին, Տաւուշի մարզ կատարած աշխատանքային այցին ընթացքին այցելեց «Տաւուշ Տեքստիլ» ընկերութիւն: Armenpress.am-ի տեղեկութիւններով՝ «Տաւուշ Տեքստիլ» ՍՊԸ-ի հիմնադիր Սուրէն Երիցեանի ուղեկցութեամբ վարչապետը շրջեցաւ ընկերութեան տարածքին մէջ, […]

Ցանկալի է, որ Արցախի Այցեքարտ «Ժենգեալով Հաց»-ը Տարածուի Աշխարհով Մէկ՝ Ինչպէս Իտալական «Փիցցա»-ն. (լուսանկարներ)

Արցախի Հանրապետութեան տնտեսութեան եւ արտադրական ենթակառուցուածքներու նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, Արցախի «Պոլ Էլուար» տուն ֆրանսախօս երկիրներու կեդրոն հիմնադրամի ծրագիրներուն ծիրէն ներս, հայկական արմատներ ունեցող ֆրանսացի խոհարար Ալէն Ալեքսանեան այցելած է Արցախ՝ ծանօթանալու […]

Կը Վերականգնուի Կումայրի Պատմական Կեդրոնը

ՀՀ քաղաքաշինութեան կոմիտէի նախագահ Աւետիք Էլոյեան, Կոմիտէի նախագահի առաջին տեղակալ Արմէն Ղուլարեանի, Հայաստանի տարածքային զարգացման հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Աշոտ Կիրակոսեանի հետ միասին այցելած է Գիւմրի՝ Կումայրի պատմական կեդրոնի զարգացման նախագիծի […]

Հայաստանը Միջազգային Մրցաշարերէն Այս Տարի Արդէն 86 Մետալ Նուաճած է

Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներկայացնող մարզիկներու մետալներու քանակը տարուէ տարի կ՝աւելնայ: Ըստ Armenpress.am-ի, Օգոստոս 7-ին, լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ, նման յայտարարութիւն ըրած է ՀՀ մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու փոխնախարար Գաբրիէլ Ղազարեան: «Մասսայական մարմնակրթութեան […]

Հաղարծինի Մէջ Սկիզբ Առած է Աւանդական Դարձած Փառատօնը

«Հայաստանը հրաշալի է, Տաւուշը՝ բացառիկ, ով որ Տաւուշը չէ տեսած, Հայաստանը չէ տեսած»: «Հաղարծինի շաբաթ» փառատօնին բացման ընթացքին այսպէս ըսած են երիտասարդ կամաւորները, որոնք եօթը օր շարունակ՝ ժպիտով ու բարեհամբոյր […]

Հայաստան Ժամանած Զբօսաշրջիկներուն Թիւը Աւելցած է Աւելի Քան 10%

Հայաստան ժամանած զբօսաշրջիկներու թիւը՝ 2018-ի առաջին կիսամեակին՝ նախորդ տարուան համեմատ՝ աճած է 10.2 %-ով: Զբօսաշրջիկներու թիւի աճին նպաստող գլխաւոր գործօնը վերջին շրջանին Հայաստանի վերաբերեալ ուշադրութեան եւ հետաքրքրութեան աւելնալն է: ՀՀ […]

Երեւանը Հնագոյն Քաղաքներու Միջազգային Հաւաքին Պիտի Մասնակցի

Օգոստոս 18-ին, Ռեազանի մէջ պիտի կայանայ հնագոյն քաղաքներու միջազգային Հաւաքը, որ պիտի միաւորէ 500 տարուան եւ աւելի պատմութիւն ունեցող քաղաքները: Ըստ armenpress.am-ի՝ հաւաքին հիմնական նպատակը ազգամիջեան եւ միջմշակութային փոխգործակցութեան զարգացումն […]

Յառաջիկայ Օրերուն Հայաստանի Մէջ Ջերմաստիճանը Պիտի Նուազի, Կ՝ակնկալուի Անձրեւ եւ Ամպրոպ

Օգոստոս 6-ի երեկոյեան ժամերուն, 7-8-ի գիշերը եւ երեկոյեան ժամերուն հիւսիսային շրջաններու մէջ, 9-10 շրջաններու զգալի մասին, 11-ին Լոռիի, Տաւուշի, Սիւնիքի եւ Արցախի մէջ կ՝ակնկալուի անձրեւ եւ ամպրոպ, առանձին հատուածներու մէջ […]