Author: Areky
Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհ Հայ Կանանց եւ Որբերու Ճակատագրի Մասին Աղբիւրագիտական Բացառիկ Արժէք Ունեցող Գիրքին Շնորհանդէսը՝ Լագրասենթայի Մէջ
Մայիս 22-ին, ժամը 19:30-ին, Լագրասենթա քաղաքի Մհեր եւ Սաթիկ Տէր Օհաննէսեան կեդրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին նուիրուած «ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԶՈՀ ԿԱՆԱՆՑ ԵՒ ԵՐԵԽԱՆԵՐԻ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԸ «ՏԵՂԵԿԱՏՈՒ […]
Կիպրոսի Մէջ Տեղի Ունեցաւ ՀՕՄ-ի Երկօրեայ Սեմինարը
8-9 Մայիսին Կիպրոսի Լառնաքա քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի եւ Հայաստանի սեմինարը, որ իւրայատուկ էր իր աշխատանքային գործնական ու հետաքրքրական ծրագիրով եւ համայնքին մէջ կազմակերպուած տարբեր նախաձեռնութիւններով: […]
Արժանթինահայ Գրող Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի «Սահմանելի» Գիրքին Ներկայացումը` Մոնթրէալի Մէջ
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբին, Հինգշաբթի, 15 Մայիս 2025-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ արժանթինահայ գրող Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի «Սահմանելի» գիրքին ներկայացումը, […]
Մուսա Լերան Հերոսամարտին Նուիրուած` Ֆրեզնոյի Յուշարձանին Պաշտօնական Բացումը
Ֆրեզնոյի Մուսա Լերան հայրենակցական միութեան նախաձեռնութեամբ կառուցուած՝ Մուսա Լերան հերոսամարտին նուիրուած Ֆրեզնոյի յուշարձանին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 18 Մայիսի յետմիջօրէին, «Արարատ-Մասիս» գերեզմանատան մէջ, «Նեմեսիս» գործողութեան հերոսներէն Սողոմոն Թէհլիրեանի յուշարձանին […]
Զուիցերիոյ Խորհրդարանականները Նոր Հարթակ Պիտի Սկսին՝ Ի Պաշտպանութիւն Արցախահայութեան Վերադարձի Իրաւունքի
2025 թուականի Մայիս 26-ին Զուիցերիոյ մայրաքաղաք Պեռնի մէջ իր աշխատանքները պիտի սկսի «Զուիցերիոյ խաղաղութեան նախաձեռնութեան» աջակցող 19 պատգամաւորներէ կազմուած միջկուսակցական յանձնախումբը՝ օժանդակելու արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքի իրացման համար միջազգային անհրաժեշտ մեքենականութիւններ […]
ԱՄՆ Նախագահը Քրէյկ Միսաքեանը Նշանակեց Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ Դաշնակցային Դատախազ
ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ Հայ իրաւաբանական միութեան երկարամեայ անդամ Քրէյկ Միսաքեանը նշանակեց Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ դաշնակցային դատախազ։ Այս մասին կը հաղորդէ «ԱՍՊԱՐԷԶ»-ը։ «Ճորճթաուն» համալսարանի իրաւագիտութեան դպրոցէն շրջանաւարտ Միսաքեան երկար տարիներ գործած […]
Վիեննայի Մէջ Իրականացաւ Համազգայինի Եւրոպայի Ուսանողական Հաւաքը (Եութլինքս)
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպած Եւրոպայի ուսանողական հաւաքը տեղի ունեցաւ 2-4 Մայիս 2025-ին: Աշխարհի զանազան կողմերէն 20 երիտասարդ ուսանողներ հաւաքուեցան Վիեննայի մէջ եւ եռօրեայ աշխատանոցներու ու պտոյտներու ընդմէջէն ծանօթացան իրարու, լսեցին […]
Շնորհահանդէս՝ Երեքշաբթի 20 Մայիսին. «Լիբանանահայ Թատրոնը (1920-2020)» (Հեղինակ` Յարութ Գնդունի)
Պէյրութի մէջ 2025-ին «Արամ Մանուկեան» մատենաշարէն լոյս տեսաւ Յարութ Գնդունիի «Լիբանանահայ թատրոնը (1920-2020)» գիրքը: Հրատարակութիւնը ձօնուած է լիբանանահայ թատրոնին ծառայած բոլոր նուիրեալներուն: Յառաջաբանին մէջ խմբագիր Վարուժան Թէնպէլեան կ՛ըսէ, որ Գնդունիի […]
«Հովհաննես Քաջազնունին՝ Ճարտարապետ». Վարչապետի Հոգեւոր Ժառանգութիւնը՝ Նոր Լուսարձակի Տակ
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ լոյս տեսած է «Հովհաննես Քաջազնունին ճարտարապետ» վերնագրով գիրքը, որ կը ներառէ գիտաժողովի զեկոյցներ՝ նուիրուած անոր ճարտարապետական գործունէութեան։ «Երկիր»-ի տեղեկութիւններով՝ Մայիս 16-ին […]
Վտանգուած, Բայց Ո՛չ Կորսուած` Մեր Լեզուն, Մեր Մշակոյթը․ Արտա Ճէպէճեան
Լեզու, սփիւռք, հայրենիք, յիշողութիւն, ինքնութիւն, ձուլում, մայրենի լեզու, լեզուներու անհետացում, լեզուապահպանում, լեզուներու վերակենդանացում, փոքրամասնութիւններ՝ ամէնէն շատ սերտուած նիւթերն են ընկերալեզուաբաններու կողմէ: Պատահական չէ, որ լեզուապահպանումի հարցը առաջնահերթ տեղ սկսած է […]










