Վարդուհի Վարդերեսեան. Դերասանուհի

Ծնած է 1928-ին, Ռումանիոյ մայրաքաղաք Պուխարեսթի մէջ։ Դերասան, թատերագէտ Գէորգ Ապաճեանի կինն էր։ 1946-ին տեղափոխուած է Հայաստան։ Առաջին անգամ բեմ ելած է Նուպարաշէնի ինքնագործ թատրոնին մէջ։ 1947-ին ընդունուած է Գիւմրիի […]

Հայ-թրքական Բանակցութիւններու Թուրքիոյ Բանագնացը Այցելած է Կարսի Կողմէ Հայ-թրքական Սահմանադուռ

Հայ-թրքական բանակցութիւններու Թուրքիոյ բանագնաց, դիւանագէտ, ԱՄՆ-ի մէջ Թուրքիոյ նախկին դեսպան Սերտար Քըլըչ այցելած է Կարս եւ գտնուած է հայ-թրքական սահմանադրան մօտ։ Այս մասին, ըստ Akunq.net-ի, կը հաղորդէ «Կազեթէ Կարս» պարբերականը։ […]

Համա-ՀՄԸՄ-ական Խաղերը Միասնականութեան Խորհրդանիշ Են. Տիգրան Ճինպաշեան

Հայոց Ցեղասպանութեան յիսնամեակին յաջորդող երկու տասնամեակները հայկական սփիւռքի վերակազմակերպման ու գործունէութեան ծաւալման տարիներ դարձան: Բազմացան սփիւռքի գաղութներուն միջեւ յարաբերութիւնները եւ անոնք հետզհետէ համագաղութային կազմակերպութեան կերպարանք ստացան: Նոյնանման նպատակներ ունեցող գաղութային […]

«Աշխարհի Կինը. Արմէն Օհանեան՝ «Շամախեցի Պարուհին». Հաղորդագրութիւն

Ֆրէզնոյի Գալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի հրատարակչատան հայկական մատենաշարը լոյս ընծայեց իր 16-րդ հատորը՝ Վարդան Մատթէոսեանի եւ Արծուի Բախչինեանի «Աշխարհի կինը. Արմէն Օհանեան՝ «շամախեցի պարուհին» (A Woman of the World: Armen Ohanian, […]

Պոլսոյ Մէջ Սկիզբ Կ՝առնէ Արեւմտահայերէն Խօսակցութեան Համար Աշխատանոցը

Աշ­խա­տանո­ցը ուղղո­ւած է հա­յերէ­նի հիմ­նա­կան գի­տելիք­ներ ու­նե­ցող­նե­րուն խօ­սակ­ցա­կան վար­ժութիւ­նը զար­գացնե­լուն։ Աշ­խա­տու­թիւննե­րը պի­տի կա­յանան առա­ւելա­գոյն 10 մաս­նա­կից­նե­րէ բաղ­կա­ցող խումբե­րով։ Պահան­ջի հա­մաձայն կա­րելի է նոր խումբեր ձե­ւաւո­րել, դար­ձեալ 10 հո­գիի սահ­մա­նու­մով։ Դի­մող­նե­րէն […]

«Յառաջ»-ի Գծագրական Ցուցահանդէսը` Այնճարի «Մուսա Լեռ» Սրահին Մէջ

Այնճարի «Յառաջ» վարժարանի 2021-2022 կրթական տարեշրջանի գծագրական ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 8 Յուլիս 2022-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին «Մուսա Լեռ» սրահին մէջ: Բացման խօսքով դպրոցի տնօրէն Արմէն Թաշճեան յայտնեց, որ կրթական […]

Խանասո՜ր. Արիութեան, Կամքի Եւ Յանդգնութեան Արշաւանքը (125-Ամեակ). Համբիկ Պիլալեան

Յարգա՛նք ձեզ, սրտի մարդիկ:… Մի սիրտ ունէիք, այն էլ զոհ բերիքժողովուրդի ազատութեան սուրբ գործին:«ԴՐՕՇԱԿ», 1897 Նորահաս սերունդի ոեւէ ներկայացուցիչ կրնայ ըսել, որ տարբեր էին այդ ժամանակները, բայց եւ այնպէս մեր […]

Արցախի Մէջ Վանական Համալիրի Տարածքը Մաքրելու Ընթացքին Աձանագրութիւններով Խաչքար եւ Տապանաքար Յայտնաբերուած Են

Արցախի հնագոյն պատմամշակութային վայրերէն մէկուն՝ Բռի Եղցի վանական համալիրին տարածքը բուսածածկոյթէն ու հողածածկոյթէն մաքրելու ընթացքին բացայայտուած են խաչքար մը եւ տապանաքար մը՝ իրենց արձանագրութիւններով։ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Արցախի թեմին […]

Թիֆլիսի Մէջ Օծուեցաւ Խաղաղարարներուն Նուիրուած Խաչքարը

Վիրահայոց թեմի Թիֆլիսի Սուրբ Գէորգ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցած է խաղաղարարներուն նուիրուած խաչքարի օծում։ Խաչքարի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը կատարուած է Յուլիս 24-ին: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Aliq.ge-էն: […]