Author: Areky
Սպանիոյ Քոնկրեսը Հայ Ժողովուրդին Զօրակցութեան Յայտարարութիւն Ընդունած է
Սպանիոյ Քոնկրեսը, Հոկտեմբեր 6-ի լիագումար նիստին, ընդունած է հայ ժողովուրդին զօրակցութեան յայտարարութիւն։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Սպանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը: «Հաշուի առնելով Սեպտեմբեր 12 լոյս 13-ին Ազրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումներուն […]
Իշխանութիւնը Հայ Ժողովուրդը Նոր Մահացու Զիջումներու Կը Նախապատրաստէ․ «Հայաստան» Դաշինք
Յայտարարութիւն Յարգելի՛ հայրենակիցներ, Ազրպէյճանը, օգտուելով Հայաստանի օրուան իշխանութիւններու յանցաւոր անգործութենէն ու մուրացկանային քաղաքականութենէն, ոտնձգութիւններ կ՝իրականացնէ մեր երկրին նկատմամբ: Գրաւուած են ՀՀ տարածքները, վտանգուած է մեր ինքնիշխանութիւնը եւ ՀՀ քաղաքացիներուն կեանքի […]
Անմիջապէս Դադրեցնել Ամէն Տեսակի Զինուորական Օժանդակութիւն Ազրպէյճանին
Բրբէնքի քաղաքապետարանի խորհուրդը երէկ ընդունեց որոշում՝ դատապարտելու Ազրպէյճանի յարձակումը Հայաստանի եւ վայրագ վերաբերմունքը Հայ գերիներուն նկատմամբ, նաեւ որոշեց նամակով դիմել ԱՄՆ նախագահին, որ անմիջապէս դադրեցնէ ամէն տեսակի զինուորական օժանդակութիւն Ազրպէյճանին: […]
Ազրպէյճանական Վերջին Յարձակումներուն Հետեւանքով Զոհուած Հայ Զինուորներու Յիշատակին Հոգեհանգիստ՝ Թեսաղոնիկէի Մէջ
«Ազատ Օր» Ընդառաջելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետի ընդհանրական կոչին եւ բարձր տնօրինումով Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանին, Կիրակի, 18 Սեպտեմբեր 2022-ին, Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ […]
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կոչ Ուղղեց Դատապարտելու Հայ Գերիներու Գնդակահարումը Եւ Հաշուետւութեան Ենթարկելու Պատասխանատուները
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինը երէկ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքային յղեց նամակ մը, որուն մէջ անոր ուշադրութեան հրաւիրեց 2 Հոկտեմբերին ազրպէյճանական թելեկրամեան ալիքներու կողմէ շրջանառութեան […]
ԱՀԿ-ն Կը Դատապարտէ Պատերազմական Իրավիճակներուն Բուժաշխատողներու եւ Շտապօգնութեան Մեքենաներու Թիրախաւորումը
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ներկայացուցիչները կը դատապարտեն պատերազմական իրավիճակներու մէջ բուժաշխատողներու եւ շտապօգնութեան մեքենաներու թիրախաւորման դէպքերը: Այս մասին, ըստ 168.am-ի, յայտնած է ԱՀԿ գլխադասային գրասենեակի ներկայացուցիչ Ֆլաւիօ Սալիոն՝ Արագ արձագանգման բժշկական […]
Տը Քրոսինկ. Կեանք Մը` Առանց Զղջումի․ Լելա Աշգարեան Տիլապազեան
Գրախօսական՝ Վարդան Թաշճեանի Լոյս տեսաւ Լելա Աշգարեանի “Տը Քրոսինկ” ինքնակենսագրական գիրքին երկրորդ հրատարակութիւնը` Պուրճ Համուտի Փոմիկրավիւր հրատարակչատունէն: Առաջին հրատարակութիւնը կատարուած էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ, արժանանալով ընթերցողներու ջերմ ընդունելութեան: Լելա […]
«Շնորհալի» Երգչախումբը Յատուկ Համերգով Պիտի Նշէ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին Վախճանման 850-ամեակը
Երկուշաբթի, 3 Հոկտեմբեր 2022-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի վեհարանէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Կաթողիկոսարանի Շնորհալի երգչախումբի նորընտիր վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ երգչախումբի խմբավար Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի։ […]










