ՀԱՊԿ-ին Եւ ԵԱՏՄ-ին Ատրպէյճանի Անդամակցութեան Հարց Դիտարկելու Պարագային Հայաստան Պիտի Օգտագործէ Վեթոյի Իր Իրաւունքը. ՀՀ ԱԳՆ

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան Ատրպէյճանի անդամակցութեան հարցը դիտարկելու պարագային Հայաստան պիտի օգտագործէ վեթոյի իր իրաւունքը: Օգոստոս 28-ին կայացած ճեպազրոյցի ընթացքին այս մասին ըսաւ ՀՀ արտաքին գործեց […]

Նախագահ Սարգսեան Բոլոր Քաղաքական Ուժերէն Կ՛ակնկալէ Առաջնորդուիլ ՀՀ անվտանգութեան Շահերով

Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը պատասխանած է կարգ մը լրատուամիջոցներու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերին Հայաստանի ներկայ քաղաքական իրավիճակի առնչութեամբ հանրապետութեան նախագահին արժեւորման` դիտել տալով, որ հարցերը պէտք է […]

Հայաստան Կանգնած է Անկիւնդարձի Մէջտեղը

Յ. Պալեան             Այս օրերուն շատ դժուար է Հայաստանի մէջ խօսիլ օրէնքի, արդարութեան, խորհրդարանի եւ դատարանի մասին: Երբ ցուցարարներ կը մերժեն դատարանի վճիռը եւ կը պահանջեն դատաւորներու աշխատանքէ հեռացումը, հարց […]

ASİMDER-ի Նախագահը Կը Պնդէ, Որ Համշէնահայերը «Զտարիւն Թուրք Են»

Իր հակահայ յայտարարութիւններով եւ գործունէութեամբ յայտնի «Հայկական անհիմն պնդումներու դէմ պայքարի միութեան»՝ ASİMDER-ի նախագահը դարձեալ անդրադարձած է համշէնահայութեան խնդրին, պնդելով որ անոնք «զտարիւն թուրք են»: Կէօքսէլ Կիւլպէի՝ նման յայտարարութեամբ հանդէս գալուն պատճառը վերջերս UNESCO-ի կողմէ հրապարակուած «Անհետանալու վտանգի տակ գտնուող լեզուներու աթլասը», որուն մէջ ընդգրրկուած էր նաեւ հայոց լեզուի համշէնի բարբառը, ինչպէս նաեւ այդ առթիւ պոլսահայ «Ակօս» շաբաթաթերթին մէջ տպագրուած համշէնահայ մտաւորական Ճեմիլ Աքսուի մեկնաբանութիւնը (զոր կրնաք ամբողջութեամբ ընթերցել հետեւեալ հասցէով` http://akunq.net/am/?p=61677): Այդ մասին, ըստ Akunq.net-ի, կը հաղորդեն թրքական լրատուամիջոցները: […]

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կ՛այցելէ Փոքրիկներու Սուրբ Գրոց Ճամբար

Օգոստոս 24-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը այցելեց «Թռչնոց բոյն» հաւաքուած շուրջ 150 փոքրիկներուն, որոնք կը մասնակցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին կազմակերպած Ս. Գրոց ճամբարին […]

ՀԲԸՄ-ի Ասպետներու Համախմբումը Կը Միանայ Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի «100 Սիւներ» Արշաւին

ՀԲԸՄ-ի Լոս Անճելըսի Ասպետներու համախմբումի վարչութիւնը, օգտուելով Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի նախագահ դոկտ. Արմէն Տէր Կիւրէղեանի Քալիֆորնիա այցելութենէն՝ Օգոստոս 11-ին կազմակերպեց մտերմիկ հանդիպում մը, առիթ ընծայելով մօտաւորապէս 40 հրաւիրեալներու, որ համալսարանի […]

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութեան Հանդիպեցաւ Սփիւռքի Նախարարին Հետ

Վարչապետ Փաշինեանի հետ հանդիպելու նպատակով Երեւան մեկնած ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւնը այցելեց սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանին: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, նախարար Աւետիս […]

Թուրքիոյ Մէջ Հայկական Եկեղեցւոյ Շէնքը 1.5 Միլիոն Տոլարով Ծախու Կը Հանուի

Թուրքիոյ Պուրսա քաղաքի Սեթպաշ թաղամասին մէջ գտնուող եւ մօտաւորապէս 300 տարուան հինութիւն ունեցող հայկական եկեղեցին վաճառքի հանուած է՝ 1.5 միլիոն տոլարով, կը հաղորդէ “Էրմէնիհապեր”-ը: Եկեղեցւոյ վաճառքին մասին յայտարարութիւնը «սեփականատիրոջ» կողմէ […]