Օթթաուայի մէջ հիմնուեցաւ «Գանատայի Խորհրդարանի Արցախի ժողովուրդի բարեկամներ» խմբակցութիւնը

Նկարը՝ Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամները՝ հիմնադիր երեսփոխաններուն հետ: Երեքշաբթի, 19 Մարտ, 2019-ին, Գանատայի մայրաքաղաք Օթթաուայի մէջ տեղի ունեցաւ Գանատայի խորհրդարանէն ներս «Գանատայի Խորհրդարանի Արցախի ժողովուրդի բարեկամներ» խմբակցութեան հիմնադիր ժողովը, որուն […]

Համահայկական 7-րդ Խաղերը Տեղի Պիտի Ունենան 5-էն 17 Օգոստոսին

Փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանի գլխաւորութեամբ՝  Մարտ 19-ին տեղի ունեցաւ Համահայկական եօթերորդ խաղերը կազմակերպող կոմիտէի նիստը: Նիստին ընթացքին քննարկուեցան խաղերու կազմակերպման վերաբերող զանազան հարցեր, կը հաղորդէ “Արմենփրես”: Համահայկական եօթներորդ խաղերը տեղի պիտի […]

Տէյվիտ ՄըքՔենզի 3.5 Միլիոն Տոլարի Աջակցութիւն Կը Խոստանայ Հայաստանի Զբօսաշրջութեան Մարզին

Հայաստանի զբօսաշրջութեան զարկ տալու նպատակով, Երեւանի մէջ կազմակերպուած խորհրդաժողովին առջեւ իր ելոյթին մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի ձեռամբ հակահայ սպանդներուն նուիրուած՝ «Ուրացման Ճարտարապետները» վաւերագրական ֆիլմը արտադրած Տէյվիտ ՄըքՔենզի խոստացաւ […]

Ամերիկեան Խաղաղութեան Ջոկատի 27-րդ Խումբը Ժամանեց Հայաստան

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստան ժամանեց Միացեալ Նահանգներու Խաղաղութեան ջոկատի կամաւորներու 37 հոգիէ բաղկացած նոր խումբը: Հայաստան ժամանած բոլոր կամաւորները Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներ են, որոնք որոշած են իրենց կեանքէն երկու տարի անցընել Հայաստանի […]

ԱՄՆ Ալապամա Նահանգը Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

ԱՄՆ Ալապամա նահանգի ղեկավար Քէյ Էյվի ստորագրած է հռչակագիր Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու վերաբերեալ: Այս մասին կը յայտնէ Հայ դատի ԱՄՆ յանձնախումբը` շնորհակալութիւն յայտնելով նահանգապետին նման որոշման համար: Յանձնախումբը յիշեցուցած է, […]

Հայաստան Պիտի Այցելէ ԵԽԽՎ Նախագահը

ՀՀ ԱԳՆ մամուլի խօսնակ Աննա Նաղդալեան Մարտ 20ին ունեցած ճեպազրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ Մարտ 26-28 Հայաստան պիտի այցելէ ԵԽԽՎ նախագահ Լիլիա Մորի-Պասքիէն: ԱԳՆ խօսնակը տեղեկացուցած է, որ հանդիպումներ նախատեսուած […]

Վարչապետը Համապետական Մաքրութեան Օրուան Աշխուժօրէն Մասնակցելու Կոչ Կ՛ընէ

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կոչ կ՛ուղղէ բնակչութեան աշխոյժօրէն մասնակցելու համապետական մաքրութեան օրուան: Ան այս մասին գրած է «Ֆեյսպուք»-ի իր էջին վրայ: «Կոչ կ՛ընեմ աշխուժօրէն մասնակցելու համապետական մաքրութեան օրուան: Մենք ընտանիքով […]