Երեւանի Մէջ Տեղի Ունեցած է ԵԱՏՅ Խորհուրդի Նիստը

Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի խորհուրդի հերթական նիստը: Ապրիլ 29-ին կայացած նիստին մասնակցած են Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ երկիրներու փոխվարչապետները:  Նիստին մասնակցած են ՀՀ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանը, […]

2018-ին Հայաստանի Ռազմական Ծախսերը Աւելցած են 33%-ով. Զեկոյց

2018 թուականին Հայաստանի ռազմական ծախսերը կազմած են 609 միլիոն տոլար, որ 33 տոկոսով աւելի է, քան 2017 թուականին: Այս մասին կը վկայեն Սթոքհոլմի խաղաղութեան խնդիրներու հետազօտութեան միջազգային հիմնարկին (Stockholm International […]

Ընտրուած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Նոր Կազմը

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն մարմինը ունի նոր կազմ․ Արծուիկ Մինասեան 2. Արթուր Խաչատրեան 3. Աշոտ Սիմոնեան 4. Տարօն Տօնոյեան 5. Լիլիթ Գալստեան 6. Շաղիկ Մարուխեան 7. Արմենուհի Կիւրեղեան 8. Յակոբ Մատիլեան 9. Սիմոն Սիմոնեան 10. Իշխան Սաղաթելեան 11. Միքայէլ Մանուկեան ՀՅԴ Հայաստանի նորընտիր Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ ընտրուած […]

Վերջին 5 Տարիներուն Նոր Զօրանոցներու Կառուցումը Աւելցած է. Տիգրան Աբրահամեան

Արցախի նախագահի խորհրդական Տիգրան Աբրահամեան ֆէյսպուքի իր էջին միջոցով յայտնած էր, որ վերջին տարիներուն կտրուկ աւելցած է նոր զօրանոցներու եւ ռազմական շինութիւններու կառուցումը: Գրառումը ամբողջութեամբ կը ներկայացնենք ստորեւ. «Նոր զօրանոցներու […]

Հայ Գեղեցկուհին Յաղթած Է Լոնտոնի ՄԷջ Տեղի ունեցած «Միսս ԽՍՀՄ» Գեղեցկութեան Մրցոյթին

Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցած է MISS USSR UK 2019 գեղեցկութեան մրցոյթը, որուն կը մասնակցին գեղեցկուհիներ նախկին խորհրդային երկիրներէն: Ինչպէս կը հաղորդուի մրցոյթի ինսթակրամի էջին վրայ, մրցոյթին յաղթած է Հայաստանի ներկայացուցիչ 18-ամեայ Անժելինա […]

Հակառակորդը Կրակած է Բաղանիսի Ճանապարհին Ուղղութեամբ

Այսօր` Ապրիլ 29-ին, հակառակորդը կրակած է Տաւուշի մարզի Բաղանիս գիւղի ճանապարհին ուղղութեամբ: Այս մասին՝ ըստ Tert.am-ի՝ ըսած է Բաղանիսի համայնքապետ Նարեկ Սահակեանը: «Մինչեւ գիւղ հասնելու ճանապարհին ուղղութեամբ կրակած են, գիւղի ուղղութեամբ […]

Հայերու Տեղահանութիւնը Ոչ Ցեղասպանութիւն Էր, Ոչ Ալ Մեծ Աղէտ. Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում  կուսակցութեան» (ԱԶԿ-AKP) ժողովին ժամանակ անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին՝ ներկայացնելով արխիւները բանալու թրքական հերթական կոչերը։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Gazeteguncel-ը։ «Հայերու […]

Պարի Միջազգային Օրը Մեծ Շուքով Նշուեցաւ Ախալքալաքի Մէջ

Պարի միջազգային օրը մեծ շուքով նշուեցաւ Ախալքալաքի մէջ։ Ախալքալաքի բերդի տարածքին, Ջաւախքի հանրային զարգացման ընկերակցութիւնը կազմակերպած էր պարի բաց դաս-ձեռնարկ, որուն Ախալքալաքի եւ շրջանի տարբեր գիւղերու պարախումբերու հետ միասին, օրհնութեամբ […]

Փայլան Թուրքիոյ 1919-1922-ի Պատերազմական Ատեանի Արխիւներուն Մասին Հարցումներ Կ՛ուղղէ Էրտողանի Օգնականին

Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանի գրասնեակէն 26 Ապրիլին հաղորդած են, որ ան Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահի օգնական Ֆուաթ Օքթային յղած է հետեւեալ նամակը՝ պատասխանի պահանջով. «Նախագահ Էրտողան […]