ՄԱԿ-ը, 9 Դեկտեմբերը Եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

«Ազդակ»-ի խմբագրական Հայ քաղաքական միտքը 9 Դեկտեմբերին վրայ յատուկ ուշադրութիւն կեդրոնացնելու բոլոր պարտաւորութիւնները ունի: ՄԱԿ-ի օրացոյցին մէջ 9 Դեկտեմբերը իբրեւ Ցեղասպանութիւններու զոհերու յիշատակի օր ամրագրելը պաշտօնական Երեւանի ներկայացուցչութեան նախաձեռնութիւնն էր` […]

Հալէպի Մայր Օգնութեանց Հայ Կաթողիկէ Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ Բացումը

Շաբաթ, 7 Դեկտեմբեր 2019-ին պետական բացումը կատարուեցաւ Հալէպի Թիլէլ շրջանի մէջ գտնուող Մայր Օգնութեանց Հայ Կաթողիկէ աթոռանիստ եկեղեցւոյ։ Եկեղեցոյ մուտքը զարդարուած էր սուրիական եւ կաթողիկէ համայնքի դրօշներով եւ շնորհաւորական ծաղկեկողովներով, […]

Հաղորդագրութիւն ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակէն

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին, 5-7 Դեկտեմբեր 2019-ին Երեւանի «Արամ Մանուկեան» կեդրոնին մէջ, ՀՅԴ երիտասարդական-ուսանողական 27 միութիւններու մասնակցութեամբ գումարուած եռօրեայ համահայկական խորհրդաժողովը աւարտեց իր աշխատանքները: Խորհրդաժողովին հիմնական նպատակն էր քննել […]

«Յեղափոխական»ները, «Հակայեղափոխական»ները Եւ… Յեղափոխութիւնը Որձատելու Որոգայթները

Նազարէթ Պէրպէրեան Յեղափոխութիւնը այսօր դարձած է հայ քաղաքական միտքի ամէնէն աւելի չարչրկուած, շուկայական ապրանքի պէս աճուրդի հանուած ու քաշքշուքի ենթարկուած նիւթը: Հասնողը բերնի ծամոնի վերածած է յեղափոխութիւնը՝ փորձելով ոչ միայն […]

ՄԱԿ-ի Մէջ Հնչեց Կոմիտասի Երաժշտութիւնն ու Բարձրացուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցը

Կոմիտասի երաժշտութեամբ սկսած է Նիւ Եորքի, ՄԱԿ-ի գրասենեակին մէջ Հայաստանի առաքելութեան կողմէ նախաձեռնուած ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման եւ կրթութեան նուիրուած համաժողովը: Այս մասին կը գրէ «Ամերիկայի Ձայն»-ը: ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ Մհեր […]