Խորապէս Շնորհակալ Ենք Հայ Դատի ԱՄՆ Յանձնախումբին… Ացախի ԱԳՆ

Կ’ողջունենք #ԱՄՆ ?? Ծերակոյտի կողմէ 1915-1923 թթ. Օսմանեան կայսրութենէն ներս #Հայոց_ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող 150 բանաձեւի ընդունումը, ինչը կրնայ կարեւորագոյն եւ գործնական նշանակութիւն ունենալ ցեղասպանութիւններու դատապարտման եւ կանխարգիլման գործին մէջ։ Կը շնորհաւորենք եւ խորապէս շնորհակալ […]

Մենք Ակնկալողները Չենք Բայց Դուք Պարտաւոր էիք. Վաչէ Բրուտեան

Վաչէ Բրուտեան կը գրէ Մ. Նահանգներու Ծերակոյտի բանաձեւի միաձայն եւ Ներկայացուցիչներու տան նոյնանման բանաձեւին որդեգրումով, Քոնկրէսը իր ծանրակշիռ ու մանաւանդ՝ արդար խօսքը ըսաւ Հայկական ցեղասպանութեան մասին։ Այս ձեւով, Մ. Նահանգներու […]

«Ղարաբաղի Ատրպէյճանական Համայնք» Հասկացութիւնը Սկսած է Իր Գլուխը Ցցել

«Լեռնային Ղարաբաղի ատրպէյճանական համայնք» կոչուած խմբաւորման նախագահ Թուրալ Կեանճաեւ Ա.Ա. Երբ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով Պաքուի մէջ նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ իր տեսակցութենէն ետք յայտարարեց, որ կարեւոր է […]

Թուրքիան ԱՄՆ Ծերակոյտին Ընդունած Բանաձեւը «Անպատասխանատու» Անուանած է. Պաշտօնական Արձագանգներ

Թուրքիոյ մէջ բուռն արձագանգներու տեղիք տուած է  ԱՄՆ Ծերակոյտին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի ընդունումը:  Թուրք բարձրաստիճան պաշտօնեաները Ծերակոյտին որոշումը դատապարտող յայտարարութիւններ կ՛ընեն: 1915 -ին Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու զանգուածային […]

Պատմական Օր է Ոչ Միայն Հայերու, Այլեւ Թուրքիոյ Ժողովուրդին Համար․ Թաներ Աքչամ

Յայտնի թուրք ցեղասպանագէտ, պատմաբան Թաներ Աքչամ ԱՄՆ Ծերակոյտին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի ընդունման որոշումը գնահատած է պատմական, եւ ըսած է՝ այսօր պատմական օր է ոչ միայն հայերու, այլեւ Թուրքիոյ […]

Մանրամասնութիւննր` Ուաշինկթընէն․ Կը Ներկայացնէ ԱՄՆ Հայ Դատի Յանձնախումբի Մամուլի Պատասխանատու Էլիզապեթ Չուլճեան

ԱՄՆ Հայ դատի յանձնախումբի մամուլի պատասխանատու էլիզապեթ Չուլճեան «Երկիրն այսօր»-ին մանրամասնութիւններ յայտնած է ԱՄՆԾերակոյտի՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւի ընդունման վերաբերեալ:

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ջերմօրէն Կ՛ողջունէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին Կողմէ

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, անմիջապէս որ իմացաւ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ միաձայնութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը, հետեւեալ յայտարարութիւնը կատարեց. «Ջերմօրէն կ՛ողջունենք այս եզակի իրագործումը` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մեր հաւաքական պայքարի ճանապարհին […]

Փաշինեան Եւ Մնացականեան Արձագանգած են ԱՄՆ Ծերակոյտին Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւի Ընդունման

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յիրաւի պատմական իրադարձութիւն համարած է ԱՄՆ Ծերակոյտին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման բանաձեւի ընդունումը: «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` ան Թուիթըրի իր էջին մէջ ԱՄՆ օրէնսդիրներու այդ քայլը համարած […]