Դաշնակցութեան Մեծ Ընտանիքը Ամուր Կանգնած Է Մեր Բանակի Կողքին. ՀՅԴ ԳՄ

Հայաստան

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը կը շնորհաւորէ Հայոց բանակի վերակազմաւորման 27-րդ տարեդարձը:

Բանակ, որ կազմաւորման ընթացքին կերտեց նորագոյն պատմութեան մէջ յաղթական էջ՝ ազատագրելով Արցախը: Այս տարիներուն ընթացքին անիկա դարձած է պետական եզակի հիմնարկներէն մէկը, որուն անվերապահօրէն կը վստահի եւ կ՝աջակցի ամբողջ Հայ ժողովուրդը: Հայոց բանակը մեր անկախութեան, սահմաններու անվտանգութեան եւ ազատագրուած տարածքներու երաշխաւորն է:

Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքը ամուր կանգնած է մեր բանակի կողքին: Մենք հաւատարիմ ենք «Ազգ-բանակ» գաղափարին եւ մեր անվերապահ աջակցութիւնը կը յայտնենք անոր իրագործման:

Շնորհաւոր տօնդ, ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐ:

 

ՀՅԴ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՄԱՐՄԻՆ