ՀՀ Վարչապետը Ներկայացուցած է ԵԱՏՄ-ի Մէջ Հայաստանի Նախագահութեան Առաջնահերթութիւնները

Աշխարհ, Հայաստան

Աշխատանքային այցով Ռուսիոյ Դաշնութիւն գտնուող ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այցելած է Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի կեդրոնակայան, ուր զինք դիմաւորած է ԵՏՅ աշխատակազմի նախագահ Տիգրան Սարգսեան:

ՀՀ վարչապետի գրասենեակին տեղեկութիւններով՝ Նիկոլ Փաշինեան ԵՏՅ-ի մէջ հանդէս եկած է ելոյթով` 2019-ին ԵԱՏՄ-ի մէջ նախագահութիւնը Ռուսիայէն Հայաստանին անցնելուն առիթով:

Վարչապետ Փաշինեան, իր խօսքին մէջ, մասնաւորապէս, նշած է.

«Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի աշխատակազմի յարգարժան նախագահ,
Աշխատակազմի յարգելի անդամներ,
Նիստի յարգելի մասնակիցներ,

Անկեղծօրէն ուրախ եմ հանդիպման եւ ձեր հետ ծանօթութեան համար։

Անցած տարիներուն ընթացքին Եւրասիական տնտեսական միութիւնը ապացուցեց իր կայացուած ըլլալը. հիմնական տնտեսական ցուցանիշներու մէջ արձանագրուած է դրական ուժը, եւրասիական ընդելուզման բազմաթիւ ուղղութիւններով կայացուած են կարեւորագոյն որոշումներ: Եւ այս առումով դժուար է գերագնահատել Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի աշխատակազմի աշխատանքը, ձեր աշխատանքը, ձեզմէ իւրաքանչիւրի ամենօրեայ ջանքերը, որոնք ուղղուած են անդամ պետութիւններու ուղղորդման դէպի նպատակներ, որոնք ամրագրուած են Միութեան հիմնարար փաստաթուղթերու եւ պաշտօնական հռչակագիրներու մէջ: Նախեւառաջ, ես պիտի ցանկանայի շնորհակալութիւն յայտնել ձեզի կատարած աշխատանքներուն համար, եւ յայտնել, որ որոշած եմ կարդալ եւ ստորագրել «Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ պետութիւններու ղեկավարներուն ուղղուած դիմումը» ուղղակի ձեր ներկայութեամբ, եւ մենք կրնանք քննարկել դիմումին մէջ նշուած հիմնական դրոյթները, անոնց հասնելու եղանակները եւ 2019 թ. Եւրասիական տնտեսական միութեան մարմիններուն մէջ առաջնահերթութիւններու իրականացման նպատակով տարուող աշխատանքներու կազմակերպումը։

Այսպիսով, Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ պետութիւններու ղեկավարներուն ուղղուած դիմումը.

2019 Յունուար 1-էն Հայաստանի Հանրապետութիւնը ստանձնեց Եւրասիական տնտեսական միութեան մարմիններու` Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի, Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի եւ Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի խորհուրդի նախագահութիւնը:

Հայաստանի նախագահութիւնը կը համընկնի Եւրասիական տնտեսական միութեան մասին պայմանագիրի ստորագրման 5-րդ տարեդարձին հետ: Վերջին 5 տարիներուն ընթացքին Եւրասիական տնտեսական միութիւնը կայացած է իբրեւ յաջող ընդելուզման միութիւն եւ, հակառակ առաջին տարիներու դժուարութիւններուն, ներկայիս ցոյց կու տայ առեւտրային ու տնտեսական յարաբերութիւններու կառուցուածքի փոխադարձ առեւտրի համոզիչ աճ:

ԵԱՏՄ անդամ երկիրներու համար եւրասիական ընդելուզումը առաջնային ուղղութիւն է, որ թոյլ կու տայ բարելաւելու տնտեսվարման պայմանները գործարարութեան համար, զօրացնելու համագործակցութիւնը աւանդական գործընկերներու հետ եւ ստեղծելու նոր գործընկերութիւններ ընդելուզման միութեան տնտեսական ներուժի իրագործման համար: Միեւնոյն ժամանակ, բոլոր անդամ պետութիւնները պէտք է ամէն ջանք գործադրեն, որպէսզի շարունակեն եւ աշխուժացնեն ԵԱՏՄ-ի օրինական զարգացումը: Հայաստանը, իր հերթին, պիտի ընէ ամէն ինչ, որպէսզի պահպանուի ընդելուզման դրական շարժը, լուծուին այն խնդիրները, որոնք կրնան լրացուցիչ խթան հանդիսանալ մեր երկիրներու տնտեսական աճին համար:

Ես կը փափաքէի ձեր ուշադրութիւնը հրաւիրել ԵԱՏՄ շարք մը կարեւոր եւ հրատապ խնդիրներու լուծման անհրաժեշտութեան վրայ:

Եւրասիական տնտեսական միութեան առանցքային ընդելուզման ուղղութիւններէն է ուժանիւթի ոլորտը` իբրեւ ԵԱՏՄ տնտեսական ոլորտներու մէջ մրցակցութեան հաւասար եւ ոչ խտրական պայմաններու ստեղծման հիմք: Այս ծիրէն ներս, անհրաժեշտ է աշխուժօրէն աշխատիլ քարիւղի, քարիւղամթերքի եւ կազի միասնական շուկաներու ձեւաւորման, ինչպէս նաեւ ելեկտրականութեան ընդհանուր շուկայի ձեւաւորման ծրագիրներու իրականացման շուրջ: Անհրաժեշտ է աշխուժացնել ջանքերը, որոնք ուղղուած են համաձայնեցուած ուժանիւթի  քաղաքականութեան իրականացման եւ ուժանիւթի միջոցներու համար ոչ խտրական հիմքի վրայ գնագոյացման զգայուն հարցի լուծման, ինչպէս նաեւ անոնց տարանցիկ փոխադրման՝ անդամ երկիրներու տարածքներով, նաեւ՝ հաշուի առնելով տարանցիկ բաղադրիչները:

Անհրաժեշտ է ջանքեր գործադրել եւրասիական փոխադրամիջոցային ենթակառուցուածքի զարգացման համար, որ խթան պիտի հանդիսանայ միութեան մէջ ապրանքաշրջանառութեան աճի եւ ապրանքներու արտաքին շուկաներ արտահանման, ինչպէս նաեւ տարանցիկ փոխադրամիջոցներու միջանցքներու զարգացման համար:

Համագործակցութեան կարեւոր ուղղութիւն է անդամ պետութիւններու ՏՃ համայնքներու ջանքերու համախմբումը՝ տնտեսութեան բարձր ճարտարագիտութիւններու ոլորտներու աշխոյժ զարգացման եւ միութեան թուային օրակարգի ամբողջական իրականացման նպատակով: ԵԱՏՄ «Թուային օրակարգ»ը պէտք է դառնայ միութեան կատարելագործման, անոր արդիւնաւէտութեան ու գրաւչութեան բարձրացման, վարչարարական, մաքսային եւ առեւտրային խոչընդոտներու վերացման հիմնական գործիքներէն մէկը: «Թուային օրակարգ»ի իրագործման ծիրէն ներս անհրաժեշտ է խթանել ընդելուզման գործընթացներու խորացման եւ անդամ պետութիւններու տնտեսութիւններու եւ քաղաքացիներու համար ուղղակի օգուտներ ստանալուն ուղղուած նախաձեռնութիւնները, ինչպէս միութեան անդամ պետութիւններուն մէջ ելեկտրոնային ուղեկցող փաստաթուղթերու ներդրումը, ելեկտրոնային աշխատանքային շուկայի եւ նմանատիպ այլ հարթակներու ստեղծումը:

Կարեւոր կը համարենք միութեան մէջ վստահութեան մակարդակին ամրապնդումը: Ապրանքներու եւ բեռի համար ժամանակակից հետագծելիութեան համակարգերու ներդրումը պիտի ստեղծէ ճարտարագիտական հիմք այդպիսի ամրապնդման համար: Կարեւոր է, որ այդ համակարգերը ըլլան ժամանակակից ու տնտեսող, վերացնեն խոչընդոտները, այլ ոչ թէ ստեղծեն զանոնք: Հայաստանի համար, որ ոչ մէկ ընդհանուր սահման ունի ընդելուզման միութեան հետ, թուային հետագծելիութիւնը կրնայ երաշխիք ըլլալ բոլոր չորս ազատութիւններու իրականացման համար` չստեղծելով լրացուցիչ խոչընդոտներ:

Մենք նպատակայարմար կը համարենք աւելի աշխոյժ քայլեր ձեռնարկել տնտեսութեան եւ առեւտուրի բնագաւառի մէջ ԵԱՏՄ անդամ պետութիւններու կարգաւորումներու եւ կանոնակարգերու ներդաշնակեցման ուղղութեամբ, քանի որ վերջին տարիներու փորձը ցոյց տուած է, որ գործարարութեան առջեւ կանգնած խոչընդոտներուն զգալի մասը միասնական, համակարգուած եւ համաձայնեցուած գործունէութեան կանոններու բացակայութեան արդիւնք է:

Ոչ պակաս կարեւոր է իրաւական հիմքի կատարելագործման անհրաժեշտութիւնը, որ կ՝ապահովէ աշխատանքային գործունէութիւն իրականացնող անդամ պետութիւններու քաղաքացիներու, ինչպէս նաեւ մեր երկիրներու զարգացման նպաստ բերած թոշակառուներու իրաւունքներու արդիւնաւէտ եւ արդարացի իրացումը:

Կարեւոր է շարունակել երրորդ երկիրներու եւ միութիւններու հետ ԵԱՏՄ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու զարգացումը: Իրանի եւ Չինաստանի հետ համապատասխան համաձայնագիրներու իրականացումը, եւ Սինկափուրի, Սերպիայի, Եգիպտոսի, Իսրայէլի եւ Հնդկաստանի հետ բանակցութիւններու աւարտը կրնայ լրացուցիչ խթան հանդիսանալ միութեան՝ համաշխարհային տնտեսութեան մէջ ընդելուզման գործընթացին համար:

ԵԱՏՄ ապրանքներու արտաքին շուկաներ ելլելուն ուղղուած միասնական ջանքերը – տնտեսութեան բազմաթիւ ոլորտներու մէջ միութեան ինքնապահովման պայմաններու մէջ – աստիճանաբար կը դառնան մեր տնտեսութիւններու հաւասարակշռուած աճի ապահովման հիմնական մարտահրաւէրներէն մէկը: Այդպիսի ջանքերը պիտի օգնեն եւրասիական արտադրողներուն համատեղ ելլելու արտաքին շուկաներ եւ պիտի նպաստեն միութեան մէջ համագործակցային շղթաներու յառաջացման:

Անհրաժեշտ է շարունակել ջանքերը, որոնք ուղղուած են մատչելիութեան մակարդակի բարձրացման, ելեւմտական հատուածի աճին եւ կայունութեան ապահովման, ինչպէս նաեւ այս շուկային մէջ մրցակցութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման եւ զարգացման:
Մենք համոզուած ենք, որ մեր ընդելուզման միաւորման ծիրէն ներս հաւասար համագործակցութեան զարգացումը, ի վերջոյ, պէտք է ծառայէ գործարարութեան եւ մարդկային ներուժի լիարժէք իրացման համար յարմարաւէտ միջավայր ստեղծելուն:

Արդիւնաւէտ համագործակցութեան եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ պետութիւններու աջակցութան ակնկալիք ունիմ 2019-ին Հայաստանի նախագահութեան նախաձեռնութիւններու գործնական իրականացման գործին մէջ: Յոյս ունիմ, որ մէկ տարի ետք մենք պիտի ունենանք աւելի համախմբուած եւ արդիւնաւէտ միութիւն, որ կը ծառայէ մեր տնտեսութիւններու, պետութիւններու եւ ժողովուրդներու շահերուն։

Շնորհակալութիւն ուշադրութեան համար։

Իսկ այժմ, ուրախ կ՝ըլլամ պատասխանելու ձեր հարցերուն»։

Այնուհետեւ ԵՏՅ աշխատակազմի անդամները Նիկոլ Փաշինեանին ուղղած են տարբեր հարցեր, որոնք վերաբերած են ԵԱՏՄ ծիրէն ներս Հայաստանի նախագահութեան առաջնահերթութիւններուն, ԵԱՏՄ զարգացման: