Հայաստանի եւ Վրաստանի Անվտանգութեան Ծառայութեան Ղեկավարները Հանդիպած են Թիֆլիսի Մէջ

Աշխարհ, Հայաստան

Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցած է ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արթուր Վանեցեանի եւ Վրաստանի Պետական անվտանգութեան ծառայութեան ղեկավար Վախթանգ Կոմելաուրի հանդիպումը։ Այս մասին կը տեղեկանանք Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան Դիմատետրի էջէն։

Կողմերը քննարկած են տարածաշրջանին մէջ առկայ վիճակը: Վախտանգ Կոմելաուրի եւ Արթուր Վանեցեան անդրադարձած են երկու երկիրներու անվտանգութեան ծառայութիւններուն միջեւ համագործակցութեան, յետագայ հեռանկարներուն, գերատեսչութիւններուն միջեւ տեղեկատւութեան եւ փորձի փոխանակման հարցերուն:

Հանդիպման ներկայ եղած են պետական անվտանգութեան ծառայութեան ղեկավարի տեղակալ Ալեքսանդրէ Դապադաձէն, վարչութեան ղեկավար Նինօ Կիորկոպիանին, Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Ռուբէն Սադոյեանը, բաժանմունքի ղեկավար Նայիրի Մարգարեանը: