Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 33-րդ Ընդհանուր Ժողովի Յայտարարութիւնը
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 33-րդ Ընդհանուր ժողովը կը յայտարարէ՝
Արցախի Հանրապետութեան Անկախութեան հռչակագիրով եւ Սահմանադրութեամբ ամրագրուած Անկախ պետականութեան կարգավիճակն ու տարածքային ամբողջականութիւնը անսակարկելի են:
Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն միջեւ ռազմաքաղաքական դաշինքի մասին համաձայնագիրի սեղմ ժամկէտներուն մէջ կնքումը հրատապ անհրաժեշտութիւն է։
Աշխարհասփիւռ իր կառոյցով, ՀՅ Դաշնակցութիւնը անվերապահ աջակցութիւն կը յայտնէ Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն՝ երկրի ընկերային-տնտեսական զարգացման, անվտանգութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան ապահովման հարցերուն մէջ եւ կը յայտնէ իր պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու այդ յանձնառութիւնը:
Նկատի ունենալով վերջին ամիսներուն Արցախի շուրջ բանակցութիւններուն աշխուժացումը, այդ ընթացքին հակամարտութեան կողմերուն եւ միջնորդներուն ըրած յայտարութիւններով ու քայլերով պայմանաւորուած մտահոգութիւնները,
ՀՅԴ 33-րդ Ընդհանուր ժողովը կ՝արձանագրէ՝
- Բանակցութիւնները պէտք է ընթանան Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն լիարժէք մասնակցութեամբ,
• Հայաստանի իշխանութիւնները պարտաւոր են միջազգային հարթակներու վրայ շարունակել հանդէս գալ Արցախի անկախութեան եւ անվտանգութեան երաշխաւորի յանձնառութեամբ:
ՀՅ Դաշնակցութեան 33-րդ Ընդհանուր ժողով
Ստեփանակերտ, Արցախի հանրապետութիւն
24 Յունուար, 2019թ.
