Աջափնեակի Մէջ Մեթրոյի 2 Նոր Կայարան Պիտի Ստեղծուի. Մեսչեան

Այլեւայլ, Հայաստան

Երեւան քաղաքի Աջափնեակ վարչական շրջանին մէջ կը նախատեսուի մեթրոփոլիթենի նոր կայարաններ ստեղծել: Ըստ Armenpress.am-ի՝ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին, Յունուար 24-ին, այս մասին ըսած է Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետ Արթուր Մեսչեան:

«Մենք կը նախատեսենք նոր կայարաններ կառուցել, արդէն ծրագիրը կայ: Աջափնեակի մէջ կը նախատեսուի ունենալ 2 կայարան»,- նշած է Մեսչեան եւ աւելցուցած, որ դեռ պիտի սահմանափակուին ամենառազմավարական գիծով՝ Աջափնեակը կապելով մայրաքաղաքի կեդրոնին հետ:

Ան ընդգծած է, որ յետագային հաւանաբար Դաւիթաշէն վարչական շրջանին մէջ նոյնպէս կառուցուի, սակայն ատիկա աւելի ուշ, քանի որ մեծ գումարներ կը պահանջուին այդ ամէնուն համար:

Նշենք, որ Կարեն Դէմիրճեանի անուան Երեւանի մեթրոփոլիթէնը մայրաքաղաքի մեթրոյի ցանցն է, որուն կառուցումը սկսած է 1972-ին, գործարկուած է 1981-ին եւ ընդլայնուած մինչեւ 1996, երբ շահագործման յանձնուած է Շէնգաւիթ-Չարբախ հատուածը: Երեւանի մեթրոյի ուղիներուն ընդհանուր երկարութիւնը 12,1 քմ է, կը գործէ 10 կայարան։