Գիւմրիի Մէջ Բարձրորակ Ճինզեր Պիտի Արտադրուին. Գործադիրը Արտօնութիւն Տրամադրեց
Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան այսօրուան նիստին՝ որոշուեցաւ 3 տարիով յետաձգել «Ռ. Զաքարեան» ՍՊԸ-ի կողմէ ապրանքներու ներմուծման պարագային մաքսային եւ հարկային մարմիններուն կողմէ հաշուարկուած աւելցուած արժէքի հարկի գումարներու վճարման ժամկէտը: Այս մասին կը հաղորդէ Yerkir.am-ը։
Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Տիգրան Խաչատրեան նշեց, որ ներդրումային ծրագիրին ծիրէն ներս՝ «Ռ. Զաքարեան» ՍՊ ընկերութիւնը կը նախատեսէ Շիրակի մարզի Գիւմրի քաղաքին մէջ զբաղիլ կերպասեղէնի արտադրութեամբ, ուր պիտի արտադրէ բարձրորակ ճինզէ հագուելիքներ։
«Ներկայացուած ներդրումային ծրագիրին ծիրէն ներս՝ ընկերութիւնը մտադիր է կատարելու, ընդհանուր առմամբ, շուրջ 1,42 միլիառ դրամի չափով ներդրում՝ բարձրորակ հումք ձեռք բերելու համար»,- ըսած է նախարարը՝ նշելով, որ ներկայիս ընկերութեան մէջ կ՝աշխատի 36 մարդ, սակայն մինչեւ ներդրումային ծրագիրին աւարտը՝ աշխատակիցներուն թիւը պիտի հասցուի 88-ի, իսկ միջին աշխատավարձը պիտի կազմէ 105 հազար ՀՀ դրամ:
