«Արցախբանկ»-ը Պետութեան Տրամադրած է Շինութիւն Նոր Մանկապարտէզի Համար

Հայաստան

Ընդառաջելով Ստեփանակերտի մէջ նախադպրոցական հաստատութիւններու ցանցի ընդլայնման պետական ծրագիրին՝ «Արցախբանկ» ՓԲԸ-ն տարեվերջին պետութեան նուիրաբերած է դրամատան սեփականութիւնը հանդիսացող 647.77 մ քառակուսի ոչ բնակելի տարածք՝ Տիգրան Մեծ փողոցի 33 հասցէի առաջին յարկը:

 

Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ «Արցախբանկ» ընկերութենէն յայտնած են, որ անիկա տրուած է մանկապարտէզ վերակառուցելու եւ նախադպրոցական տարիքի երեխաներու ժամանցը կազմակերպելու նպատակով:

 

Ընկերութիւնը հաւատարիմ է իր որդեգրած հասարակական քաղաքականութեան եւ պատրաստակամ՝ մասնակցելու բարեկեցիկ ապագայի կառուցման: