Արմէն Պապիկեան ԵԱՀԿ-ի Մէջ ՀՀ Առաքելութեան Ղեկավար Նշանակուած է
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հրամանագիր ստորագրած է Արմէն Պապիկեանը Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան առաքելութեան ղեկավար, Վիեննայի մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակի եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ ՀՀ մշտական ներկայացուցիչի պաշտօնին նշանակելու մասին:
Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:
«Հիմք ընդունելով վարչապետի առաջարկը` համաձայն Սահմանադրութեան 132-րդ յօդուածի 1-ին մասի 2-րդ կէտին, Արմէն Պապիկեանը նշանակել Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան առաքելութեան ղեկավար, Վիեննայի մէջ Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան գրասենեակի եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ (նստավայրը՝ Վիեննա)»,- ըսուած է ՀՀ նախագահի հրամանագիրին մէջ:
