
«Պանթիւրքական Հոսանքները Ժամանակակից Իրանում». Երեւանի Մէջ Լոյս Տեսած է Սարգիս Մկրտչեանի Գիրքը
Երեւանի մէջ հրատարակուած է իրանագէտ Սարգիս Մկրտչեանի «Պանթիւրքական հոսանքները ժամանակակից Իրանում» մենագրութիւնը: Հետազօտութիւնը կատարուած է Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնին եւ եւ տպագրուած ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան հովանաւորութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ arfd.am-ը։
Ուսումնասիրութիւնը նուիրուած է ժամանակակից Իրանի մէջ պանթիւրքական շարժումներու պատմութեան, այդ շարժումները ղեկավարող կառոյցներու գործունէութեան ու գաղափարախօսութեան: Քննուող հարցերը հայ հանրութեան կը ներկայացուին առաջին անգամ: