Բակօ Սահակեան Մասնակցած է Ազգային Անվտանգութեան Ծառայողի Մասնագիտական Տօնին Նուիրուած Հանդիսութեան
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Դեկտեմբեր 22-ին, Ստեփանակերտի մէջ, մասնակցած է Ազգային անվտանգութեան ծառայողի մասնագիտական տօնին նուիրուած հանդիսութեան:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութենէն փոխանցուած տեղեկութիւններով՝ նախագահը շնորհաւորած է ծառայութեան ողջ անձնակազմը՝ մասնագիտական տօնին, գալիք Ամանորին եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով, մաղթած անոնց քաջառողջութիւն ու մեծագոյն յաջողութիւններ:
Երկրի ղեկավարը արժէքաւոր նուէրներ յանձնած է ծառայութեան ընթացքին բարձր արդիւնքներ արձանագրած խումբ մը աշխատակիցներու:
Հանդիսութեան մասնակցած են Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պատուիրակութիւնը՝ տնօրէն Արթուր Վանեցեանի գլխաւորութեամբ, ինչպէս նաեւ պաշտօնատար այլ անձեր:
