Ռուբէն Մելիքեան Պարգեւատրուած է «Մխիթար Գօշ» Մետալով

Այլեւայլ, Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Դեկտեմբեր 21-ին, ստորագրած է հրամանագիր, համաձայն որուն` մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ոլորտէն ներս արդիւնաւէտ գործունէութեան եւ ներդրած նշանակալի աւանդին համար, Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպան Ռուբէն Մելիքեան պարգեւատրուած է «Մխիթար Գօշ» մետալով։ Այս մասին կը հաղորդեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութենէն:

Նշենք, որ Ռուբէն Մելիքեան 2016-2018 եղած է Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպան: Անոր նախաձեռնութեամբ կառոյցին կողմէ զեկոյցներ պատրաստուած են ապրիլեան պատերազմի ժամանակ ատրպէյճանական կողմի վայրագութիւններուն վերաբերեալ, որոնք մեծ արձագանգ գտած են մարդու իրաւունքներով զբաղող միջազգային շարք մը առաջնակարգ կազմակերպութիւններու կողմէ: