Առանց Հայ Ժողովուրդի Համաձայնութեան Արցախի Հիմնախնդիրի Վերջնական Կարգաւորումը անհնար է. Արայիկ Յարութիւնեան

Հայաստան
Արցախի Հանրապետութեան «Ազատ հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան արձագանգած է մամուլի մէջ իր մասին տարածուած ապատեղեկատւութեան, թէ իբր հանդիպած է ՀՀ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանին եւ քննարկած ապագային «հողերու յանձնման» հարցը։

Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ Յարութիւնեան լրատուական սադրանք որակած է այդ տեղեկութիւնները՝ նշելով, որ նախ իր եւ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի միջեւ որեւէ հանդիպում տեղի չէ ունեցած։ Անդրադառնալով այսպէս կոչուած «հողերու յանձնման» հետ կապուած իրեն ուղղուած մեղադրանքներուն՝ նշած է, որ երկար ժամանակ կը տարակուսէր՝ արժէ՞ արդեօք արձագանգել այդ կպչուն գաղափար դարձած արտայայտութեան, թէ ոչ, քանի որ Արցախի հարցի կարգաւորման վերաբերեալ դեռ ԱՀ վարչապետ եղած տարիներէն, տարբեր առիթներով, հրապարակաւ արտայայտած էր իր կարծիքը, անգամ այն ժամանակներուն, երբ նման մօտեցումը «մոտայիկ» չէր, ու քիչեր կը համարձակէին խօսելու այդ մասին։

Ի հաւաստումն ըսուածի՝ դիմատետրի իր էջին վրայ վերահրապարակած է 2014-ին դիմատետրի առցանց հարցուպատասխանի ժամանակ «Մատրիտեան սկզբունքներ»-ուն վերաբերեալ արտայայտած դիրքորոշումը:

Ա. Յարութիւնեան նշած է նաեւ, որ առանց հայ ժողովուրդի՝ յատկապէս Արցախի եւ Մայր Հայրենիքի մէջ ապրող մեր բոլոր հայրենակիցներուն համաձայնութեան, Արցախի հիմնախնդիրի վերջնական կարգաւորումը անհնար է։