Արցախի Մէջ Պայմանագրային Զինծառայող մը Մահացած է

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան մէջ, նախնական տուեալներով` լիճի մէջ լողալու ընթացքին, Օգոստոս 5-ին, ժամը 17:30-ի սահմաններուն, մահացած է Պաշտպանութեան բանակի կեդրոնական ենթակայութեան զօրամասերէն մէկուն մէջ պայմանագրային զինծառայող, 1982-ի ծնունդ Արմէն Ռաշիտ Յովակիմեան: Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքէն:

Դէպքին մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ մահացած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:

 

Leave a Reply