Ես Ձեզ «Կը Մեղադրեմ». Հրանդ Տինքի Մրցանակի Դափնեկիր Ֆինճանճը՝ Թրքական Ատեանին

Աշխարհ

Թուրքիոյ Մարդկային իրաւունքներու հիմնարկի նախագահ փրոֆ. Շեպնեմ Քորուր Ֆինճանճը եւս այս շաբաթ 2.5 տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցաւ, «Այս ոճիրին մեղսակից չենք ըլլար» յայտարարութեան համար։ Այս մասին կը հաղորդէ Պոլսոյ «Ակօս»-ը։

Յիշեցնենք, որ Յունուար 2016ին, հարիւրաւոր մտաւորականներ ստորագրած էին նշեալ յայտարարութիւնը, դատապարտելով երկրին քիւրտերուն դէմ թրքական բանակին գործողութիւնները։ Նախագահ Էրտողանի ցուցմունքներով՝ դատական գործողութեան ձեռնարկուեցաւ ստորագրողներուն դէմ եւ անոնցմէ շատեր բանտարկութեան դատապարտուեցան, իսկ ուրիշներու դատավարութիւնը կը շարունակուի։

Ցարդ դատապարտուածներուն նման, Ֆինճանճը եւս այդ յայտարարութեան միջոցաւ «ահաբեկչութեան ի նպաստ քարոզչութիւն ընելու» յանցանքով դատապարտուեցաւ:

Ֆինճանճը դատավարութեան ընթացքին յայտնեց, թէ տարրական իրաւունքներու համար  պայքարը յանցանք համարելու երկրին ատեաններուն կեցուածքին համար ամօթ կը զգայ: «Համաշխարհային արդարադատութեան համաձայն՝ մեր ելոյթները երբեք ու երբեք յանցագործութիւն չեն համարուիր: Խաղաղութիւն պահանջելը յանցանք չէ: Հետեւաբար, կը մերժեմ ձեր մեղադրանքները: Ինչպէս անցեալին ըսած էր Էմիլ Զոլա՝ ես ձեզ «կը մեղադրեմ»»,- պոռթկաց ան: