Տօնական Օրերուն Տանք Մեր Ունեցածէն, Ոչ Աւելցածէն

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Տօնական օրեր են դարձեալ:

Հակառակ երկրին մէջ տիրող տնտեսական ու կենցաղային ոչ բարենպաստ պայմաններուն, հակառակ նիւթական դժուարութիւններուն, իւրաքանչիւր անհատ իր ունեցած կարելիութիւններուն համեմատ կը նախապատրաստուի պատշաճ ձեւով դիմաւորելու Ամանորը եւ Քրիստոսի ծնունդը:

Խանդավառութեան ընդհանուր մթնոլորտին մէջ, կը կազմակերպուին ընտանեկան խրախճանքներ, միութենական ճաշկերոյթներ, անհատական պարահանդէսներ, երիտասարդական թէ կրօնական նախաձեռնութիւններ, դպրոցական ձեռնարկներ:

Բարեսիրական միութիւններ, տիկնանց վարչութիւններ կամ եկեղեցական կառոյցներ իրենց ճիգերով պիտի փորձեն ըստ սովորութեան այս տարի եւս հասնիլ նուազ բախտաւորուած ընտանիքներու, անօգնական ծերերու, անպատսպար անհատներու, տագնապող երեխաներու:

Անհատ բարերարներ եւ նոյնիսկ ուսանող կամ արհեստաւոր երիտասարդներ տօնական այս օրերուն իրենց ուրախութենէն բաժին կը հանեն օժանդակելով, Նոր տարուան նուէրներ բաշխելով զանազան կարիքներ ունեցող շրջանակներու կամ պարագաներու:

Լիբանանի հայութիւնը այս իմաստով միշտ ալ ցուցաբերած է իրերօգնութեան սքանչելի տրամադրութիւն, ամէն անգամ երբ արձանագրուած է անհրաժեշտութիւն, Լիբանանի մէջ կամ Հայաստան եւ Արցախ:

Իրերօգնութեամբ, հաւաքական ուրախութեամբ ցաւը ամոքելու, թշուառութիւնը բարւոքելու դժուար պայմաններու մէջ տառապող հայուն ու երբեմն ոչ հայուն հասնելու իրողութիւնը ո՛չ միայն աւանդութիւն է մեզի համար հաւաքաբար, այլ նաեւ մանաւանդ` աւանդութենէն անդին ինքնազօրացման, ինքնապահպանման եւ հաւաքական գործի ամրապնդման վարքագիծ:

Այս իմաստով բախտաւոր ենք մենք իբրեւ հայութիւն Լիբանանի մէջ:

Թելադրանքի կարիք չկայ, որ այս տարի եւս մենք անհրաժեշտը պիտի կատարենք:

Պիտի ամրապնդենք հաւաքական ուրախութիւն սփռելու մեր արժանիքը, ամրապնդելու համար մենք զմեզ:

Եւ, առա՛նց աղմուկի, առա՛նց ցուցադրականութեան, առա՛նց դափ ու թմբուկի:

Բայց մանաւանդ հաւաքական ուրախութեան տարածումը պարտինք կատարել պատասխանատու գիտակցութեամբ, համեստութեամբ, ինքնագոհութեամբ, առանց փոխարէնի ակնկալութեամբ:

Ու դեռ, հպարտութեամբ եւ ստացողը յարգելու պարտաւորութեամբ, առանց նախապայմանի, առանց մեծամտութեան:

Պիտի հպարտանանք, որ մենք զօրացանք հայութեամբ քոյր ու եղբայր եղող նուազ բախտաւոր հայը միասնաբար ուրախացնելով:

Նոյն այդ հայը յարգելով յարգած պիտի ըլլանք մենք մեզ, մեր հայկականութիւնը, մեր մարդկայնութիւնը:

Ու դեռ` աւելի՛ն:

Պիտի տանք մեր ունեցածէն եւ ոչ աւելցածէն:

Նուազ բախտաւոր կամ կարիքաւոր ըլլալ չի նշանակեր կոտրած խաղալիքով խաղցող երեխայ, գործածուած հանդերձանք հագուող անհատ, ճաշի կամ ճաշարանի աւելցուքէն ապրող մարդ, ժամանակը անցած տուփեղէններով սնանող այր թէ կին:

Նուազ բախտաւոր հայ մարդը, հայ երեխան Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան գիշերը իրաւունք ունին արժանապատիւ ընթրիքի եւ ուրախացնող խաղալիքի: Անոնք արժանի չեն ճաշէն աւելցուքի կամ գործածուած իրեղէնի:

Ուրախութիւնը, տօնախմբութիւնը, բարեսիրութիւնը, մարդկայնութիւնը դասակարգային չեն կրնար ըլլալ, այլ` բնատուր եւ ընդհանրական:

Տօնական այս օրերուն, Լիբանանի հայութիւնը հաւաքաբար թէ անհատաբար անգամ մը եւս կրնայ փաստել այս մարզին մէջ նաեւ ինքնուրոյն ըլլալու իր առաւելութիւնը:

Տանք առաւել: Տանք լիաբուռն:

Տանք մեր ունեցածէն:

Տանք այնպէս, ինչպէս մենք մեզի կու տանք:

Ու այդպիսով կ՛ըլլանք ուրախ թէ՛ իբրեւ անհատ եւ թէ՛ իբրեւ հաւաքականութիւն: