Շրջանային Ատեանը Լսեց Ինճիրլիքի Խարիսխին Տարածքին Համար Վնասուց Հատուցման Դատին Կողմերուն Կարծիքները
Միացեալ Նահանգներու Շրջանային 9-րդ ատեանը Դեկտեմբեր 17-ին ունկընդրած է Ատանայի մէջ հայերէ բռնագրաւուած կալուածներուն փոխարէն վնասուց հատուցում ստանալու նպատակով բացուած դատին կողմերուն փաստաբաններուն կարծիքները, շեշտը դնելով Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն ի զօրու տեղական եւ միջազգային այնպիսի օրէնքերու վրայ, որոնք կրնան դատապարտելի դարձնել Թուրքիոյ կողմէ իր քաղաքացիներուն կալուածներուն գրաւումը։
Ըստ “Ասպարէզ”-ի՝ դատաւոր Էնտրու Հուրուից վնասուց հատուցումը պահանջողներուն փաստաբանին հարցուց, թէ միջազգային ի՛նչ օրէնքներ կային 1915-ին, որոնք յստակօրէն «կ՛արգիլէին նման արարքներ (բռնագրաւումներ)»։
Փաստաբան Քեթրին Պոյտ պնդեց, թէ միջազգային ընդունուած օրէնքներ յստակօրէն կը շեշտեն, թէ մարդկութեան դէմ ոճիր կը համարուի պետութեան մը կողմէ իրեն տիրապետութեան ենթակայ ժողովուրդէն կալուածներու բռնագրաւումը։
Պոյտ աւելցուց, թէ ամերիկեան մարմիններ, Թուրքիոյ զինուորական ատեաններ եւ Փարիզի խաղաղութեան համաձայնագիրով հաստատուած օրէնքներ եւ ՄԱԿ-ի անդամ երկիրներ ընդունած եւ ապօրինի նկատած են հայութեան դէմ քայլերը եւ զանոնք շարունակաբար դատապարտած են։
Դատաւոր Հուրուից ընդունեց, որ այսօր այդ արարքները անկասկած կը դատապարուին, սակայն պէտք է գտնել Նիւրեմպերկի 1945-1946-ի դատերէն առաջ ցեղասպանական արարքները դատապարտող օրէնքներ։
Յիշեցնենք, որ դատը բացուած էր Դեկտեմբեր 2010-ին, Ցեղասպանութենէն վերապրածներու ժառանգորդներ Ալեք Պաքալեանի, Անայիս Յարութիւնեանի եւ Ռիթա Մահտեսեանի անունով: Խնդրոյ առարկայ տարածքին վրայ ներկայիս կը գործէ Ինճիրլիքի ամերիկեան զինուորական խարիսխը եւ անոր փոխարէն կը պահանջուի մօտաուարապէս 65 միլիոն տոլարի վնասուց հատուցում:
Շրջանային ատեան մը 2013-ին մերժեց դատը քննել, զայն քաղաքական նկատելով եւ անոր գծով որոշումներ վերապահելով գործադիր իշխանութեանց, միաժամանակ հաշուի առնելով այն իրողութիւնը, որ Միացեալ Նահանգներու գործադիր իշխանութիւնը պաշտօնապէս չէ ճանչցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը։
Հակադարձելով այդ որոշումին, նոյն դատը բացուեցաւ Թուրքիոյ Կեդրոնական եւ «Զիրաաթ» դրամատուներուն դէմ, իսկ անոնց ներկայացուցիչները աւելի ուշ պնդեցին, որ միջազգային օրէնքները կ՛արգիլեն օտար ատեաններու, որ երկրորդ երկրի մը քաղաքացիներուն կողմէ իրենց պետութեանց դէմ բացուած դատերը քննեն։
Դեկտեմբեր 17-ի նիստին, դրամատուները ներկայացնող փաստաբան Նիլ Սոլթմըն պնդեց, թէ 1915-ին ամերիկեան ոչ մէկ օրէնք կար, որ կրնար դատապարտել Թուրքիոյ արարքները. հակադարձելով՝ դատաւոր Քիմ Ուարտլօ յիշեցուց, թէ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները 1907-ին ստորագրած են Լա Հէյի համաձայնագիրը, որ նման դատեր բանալու առիթ կրնայ ընծայել։ Դատին քննարկումը պիտի շարունակուի։
