Փաշինեան Կ՛արձագանգէ Լաւրովի Յայտարարութեան

Հայաստան

Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան խոստացաւ ռուս գործընկերներէն փորձել տեղեկութիւն ստանալ այն մասին, թէ ի՛նչ հիման վրայ կը յայտարարեն, որ Հայաստանի վրայ Միացեալ Նահանգներու կողմէ ճնշում կը գործադրուի: Փաշինեան այս մասին անդրադարձաւ Դեկտեմբեր 19 -ին, Դիլիջանի մէջ, երիտասարդ գործարարներու հետ հանդիպման ընթացքին:

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը վարէ ինքնուրոյն քաղաքականութիւն, եւ կը կարծեմ, որ եթէ ոչ բոլորը, ապա շատերը ատիկա կը տեսնեն: Եւ Հայաստանի այդ քաղաքականութիւնը պիտի շարունակուի»,- ըսաւ Փաշինեան:

Անդրադառնալով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովի յայտարարութեան այն մասին, որ Մոսկուա եւ Երեւան փաստաթուղթ կը մշակեն կենսաբանական տարրալուծարաններու վերաբերեալ՝ Փաշինեան յայտարարեց. «Նման պայմանագիր  նախապէս քննարկուած է Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ: Մեր կառավարութեան օրօք մենք երբեք Ռուսիոյ մեր գործընկերներուն հետ այդպիսի հարց չենք քննարկած: Անհրաժեշտ է պարոն Լաւրովէն աւելի մանրամասն տեղեկանալ, թէ ինչ նկատի ունի ան»:

Հարցումին, թէ արդեօք Հայաստան կը մտադրէ՞ ամերիկեան զէնք ձեռք բերել՝ Փաշինեան պատասխանեց. «Մենք որեւէ յստակ հնարաւորութիւն եւ առաջարկ այս պահուն չենք տեսներ»: