ՀՀ ԱԳՆ-ն Արձագանգած է Մամետեարովի Յայտարարութեան

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի խօսնակ Աննա Նաղդալեան պարզաբանած է Միլանի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած փոխըմբռնման վերաբերեալ, որու մասին խօսած է Ատրպէյճանի ԱԳ նախարար Էլմար Մամետեարով:

ՀՀ ԱԳՆ մամուլի խօսնակը ընդգծած է, որ Միլանի մէջ ԵԱՀԿ նախարարներու խորհուրդի ծիրէն ներս Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գերատեսչութիւններու ղեկավարներու հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւնները հրապարակուած են ՀՀ ԱԳՆ կողմէ:

«Մասնաւորապէս, հանդիպման յաջորդած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ «Զոհրապ Մնացականեան ու Էլմար Մամետեարով պայմանաւորուեցան յառաջիկային շարունակել հանդիպումները` պահպանելով ձեւաւորուած շարժը»:

Մէկ այլ համաձայնութիւն ալ ձեռք բերուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարներուն եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարներուն հետ համատեղ յայտարարութեան վերաբերեալ: Նման ձեւաչափով յայտարարութիւններ երկար ժամանակ է կարելի չէր ըլլար ընդունիլ, այնուամենայնիւ, Միլանի մէջ հնարաւոր դարձաւ համաձայնութիւն ձեռք բերել յայտարարութեան բնագիրի շուրջ»,- ըսուած է ՀՀ ԱԳՆ ֆէյսպուքի էջին մէջ տեղադրուած հաղորդագրութեան մէջ:

Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Էլմար Մամետեարով յայտարարած է, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը երկար ժամանակ անց առաջին անգամ ըլլալով կրցած են որոշակի փոխըմբռնման գալ լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հարցով: