Ատրպէյճանի Կողմէ Բանակային Ստորաբաժանումները Ետ Քաշելու Առնչութեամբ Եզրակացութիւններ Ընելը Կանուխ է. Դաւիթ Բաբայեան

Հայաստան

Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի հետ սահմանէն բանակային ստորաբաժանումներու ետքաշման առնչութեամբ որեւէ եզրակացութիւն ընելը կանուխ է։

Այս մասին, ըստ News.am–ի, յայտարարած է Արցախի նախագահի մամուլի քարտուղար Դաւիթ Բաբայեան։ Նախապէս յայտնի դարձած էր, որ Ատրպէյճանը Հայաստանի հետ սահմանի երկու հատուածներուն վրայ՝ Ղազախ եւ Աղստաֆ, զինուորական ստորաբաժանումները պիտի փոխարինէ սահմանապահներով։

«Ի հարկէ, իտէալական պիտի ըլլար զինուորական ստորաբաժանումներու ետքաշումը Հայաստանի հետ սահմանի եւ Արցախի հետ սատմանագիծին ամբողջ երկայնքով։ Սակայն ատիկա երեւակայութեան ոլորտէն է։ Պէտք է նաեւ հետեւիլ, թէ ուր պիտի տեղափոխուին այդ ստորաբաժանումները։ Ատիկա շատ բան պիտի ըսէ։ Դեռ կանուխ է եզրակացութիւններ ընելը։

Արցախը հակամարտութեան 30 տարուան փորձ ունի Ատրպէյճան պետութեան հետ, ոչ թէ ատրպէյճանցի ժողովուրդի, քանի որ ժողովուրդը ինքն ալ դարձած է իշխող վերնախաւին պատանդը։ Ուստի, չկորսնցնելով զգօնութիւնը, պէտք է հետեւիլ տեղաշարժերուն եւ համապատասխան եզրայանգումներ կատարել ու քայլեր ձեռնարկել»,- նշած է Բաբայեան։

Նշենք, որ շարք մը փորձագէտներու կարծիքով՝ որքան ալ խաղաղասէր քայլ թուի, սակայն Ատրպէյճանի բանակային ստորաբաժանումները ետ քաշուած են՝ յետագային Արցախի հետ սահման տեղափոխելու համար։