Արմէն Սարգսեան Հանդիպած է Վրաստանի Վարչապետին Հետ

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան այսօր Թիֆլիսի մէջ առանձնազրոյց ունեցած է Վրաստանի վարչապետ Մամուքա Պախթաձէի հետ:

Մամուքա Պախթաձէ շնորհակալութիւն յայտնած է Արմէն Սարգսեանին Վրաստանի նորընտիր նախագահին երդմնակալութեան արարողութեան մասնակցելու համար, կը հաղորդէ նախագահի մամուլի գրասենեակը:

 Արմէն Սարգսեան նշած է, որ իրեն համար պատիւ է Վրաստանի համար այս կարեւոր իրադարձութեան ատեն գտնուիլ հարեւան ու բարեկամ երկրին մէջ:

 Հայաստանի նախագահը ու Վրաստանի վարչապետը մտքեր փոխանակած են հայ-վրացական յարաբերութիւններու ներկայ օրակարգի շուրջ` ընդգծելով համագործակցութիւնը տարբեր ոլորտներու մէջ խորացնելու կարեւորութիւնը: