Աշոցքի Մէջ Դահուկային Նոր Կեդրոն Պիտի Բացուի

Հայաստան

Յունուարին Աշոցքի մէջ պիտի բացուի դահուկային զբօսաշրջային բացառիկ կեդրոն:

«Արմենփրես»-ի մամուլի սրահին մէջ լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ յայտնած է Հայաստանի դահուկային մարզանքի ֆետերասիոնի գլխաւոր քարտուղար Գագիկ Սարգսեան:

«Մենք Եւրոմիութենէն ֆինանսական աջակցութիւն ստացաշ ենք, եւ այնտեղ կը կառուցուի դահուկային փոքր կեդրոն, որ ունի մեծ հեռանկար: Պիտի փորձենք Աշոցքը դարձնել Հայաստանի դահուկային կեդրոններէն մէկը: Անիկա պիտի դառնայ ձմեռնային, արկածային զբօսաշրջութեան կեդրոն»,-շեշտած է ան: Վերջինիս խօսքով` այս ձեւով նաեւ զարկ պիտի տրուի մարզական զբօսաշրջութեան զարգացմանը:

Դահուկային կեդրոնի բացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Յունուար 19-20-ին: