Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Հիմնարկ»ը ու Գանատայի Մարդու Իրաւունքներու Թանգարանը Պիտի Համագործակցին
«Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ» հիմնադրամը եւ Գանատայի մարդու իրաւունքներու թանգարանը (ԳՄԻԹ) փոխըմբռնման նոր յուշագիրով կը վերաթարմացնեն համագործակցութիւնը:
«Յուշագիրի ստորագրութենէն ետք «Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ» հիմնադրամի տնօրէն Յարութիւն Մարութեան ըսաւ, որ Գանատայի մարդու իրաւունքներու թանգարանը շատ կարեւոր գործ կ՛իրականացնէ, եւ նման թանգարան ամէն տեղ չես գտներ: «Այդ թանգարանին մէջ ներկայացուած են մարդու իրաւունքներու զանգուածային խախտման դէպքեր` ցեղասպանութիւններու տեսքով: Մենք պիտի փորձենք երկու կառոյցներու միջեւ համագործակցութիւնը դնել իրական գիծի վրայ` զայն դարձնելով աւելի արդիւնաւէտ եւ երկկողմ օգտակար»,- ըսաւ ան` աւելցնելով, որ նման յուշագիր արդէն երկրորդ անգամ ըլլալով կը կնքուի:
Գանատայի մարդու իրաւունքներու թանգարանի նախագահ Ճոն Եանկ ուրախութեամբ նշեց, որ երկու կառոյցները պիտի շարունակեն համագործակցութիւնը: «Այս յուշագիրը հնարաւորութիւն պիտի տայ համատեղել մեր ջանքերն ու շարունակել համագործակցել տարբեր ոլորտներու մէջ` կրթական, հասարակական, որոնք միշտ թարմացնելու կարիք ունին»,-ըսաւ ան:
«Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հինարկ»ի գիտութեան գծով փոխտնօրէն Էդիտա Գզոյան իր հերթին ըսաւ, որ յուշագիրը նպատակ ունի նախ՝ երկու կառոյցներու միջեւ ցուցադրութիւններու փոխանակում, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ միւս ցեղասպանութիւններու մասին որոշ նիւթերու տրամադրում: «Գանատայի մարդու իրաւունքներոու թանգարանը ունի շարք մը կրթական ծրագիրներ եւ քանի որ մենք նոյնպէս մեծ դեր կը յատկացնենք կրթութեան՝ վաղ դպրոցական տարիքէն, անոնց փորձը մեզի եւս պիտի օգնէ: Երրորդ ուղղութիւնն ալ, որ նախապէս իրականացուցած ենք մեր գործընկերներուն հետ, գիտաշխատողներու միջեւ համագործակցութեան ընդլայնումն է»,-ըսաւ ան։
Փոխըմբռնման յուշագիրը ուժի մէջ պիտի մտնէ ստորագրելէն սկսած` հինգ տարի ժամկէտով:
Գանատայի մարդու իրաւունքներու թանգարանի պատուիրակութեան անդամները ծաղիկներ դրին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակի մօտ եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին Սուրբ նահատակներու յիշատակը:
