Շուշիի «Մկրտիչ Խանդամիրեան»-ի Անուան Պետական Թատրոնը Լիբանանի Մէջ

Հայաստան, Սփիւռք

Լիբանանահայ մանուկ եւ պատանի հանդիսատեսները այս շաբաթավերջին պիտի վայելեն տիկնիկային արուեստի իւրայատուկ ներկայացումներ:

Համազգայինի «Քնար» պարախումբի վարչութեան հրաւէրով` Արցախի Հանրապետութեան Շուշիի «Մկրտիչ Խանդամիրեան»-ի անուան պետական թատրոնը 14, 15 եւ 16 Դեկտեմբերին, «Հայ մուկը» հայրենասիրական եւ «Ձիւնամարդը» ամանորեան տիկնիկային ներկայացումներով հանդէս պիտի գայ Լիբանանի մէջ: Ներկայացումները տեղի պիտի ունենան «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ:

Ըստ «Ազդակ»-ի՝ Շուշիի «Մկրտիչ Խանդամիրեան»-ի անուան պետական թատրոնի անձնակազմը արդէն կը գտնուի Լիբանանի մէջ: