
Տեղի Ունեցաւ Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպումը
Երէկ` Դեկտեմբեր 6-ին Միլանի մէջ սկիզբ առած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը: Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան ֆէյսպուքեան էջը:
Աւելի կանուխ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Զոհրապ Մնացականեանը հանդիպում ունեցած էր ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի հետ: