Տեղի Ունեցաւ Հալէպի Միջ-Վարժարանային Մարզական Մրցաշարքը

Սփիւռք

ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան ՍԵՎԱՄ-ի Մարզական յանձնախումբը այս տարի եւս կազմակերպեց Հալէպի հայկական միջ-վարժարանային մարզական մրցաշարքը:

Բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, Նոյեմբեր 16-ին, որ կը զուգադիպէր ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան տարեդարձին, յետմիջօրէի ժամը 3-ին, Հայ Աւետարանական Բեթէլ երկրորդական վարժարանի շրջափակին մէջ, ներկայութեամբ Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքի համայնքապետ վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանի, ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան, Սուրիոյ Շրջանային Սկաուտ խորհուրդին, վարժարաններու տնօրէնութեանց եւ հոգաբարձութեանց, մարզիչներու եւ աշակերտներու:

Բացումը կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով՝ կատարողութեամբ ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին: Օրուան բեմավար Նայիրի Ազարիկեան-Արոյեան, ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկայացուց ՍԵՎԱՄ-ի յանձնախումբի կազմակերպած մրցաշարքին նպատակները:

ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան ատենադպրուհի Գարոլին Քիւրքլեան-Արոյեան արտասանեց Շրջանային վարչութեան խօսքը: Ան յայտնեց, որ 2018-2019 տարեշրջանի մրցաշարքը նուիրուած է ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին: Ապա ան ողջունեց հալէպահայ ութը վարժարաններու տնօրէնութիւնները, հոգաբարձութիւններն ու ուսուցչական կազմերը եւ աշակերտներուն աշխոյժ մրցակցութիւն մաղթեց: Ազարիկեան հրաւիրեց մրցաշարքին մասնակցող աշակերտները, որոնք իրենց վարժարանին անունը կրող ցուցատախտակներով տողանցեցին:

Ապա խօսք առաւ ՍԵՎԱՄ-ի յանձնախումբի ատենապետ Եղիա Քիլէճեան: Ան դիտել տուաւ, որ ՀՄԸՄ-ը հիմնադրուած օրէն կը միտի մարզական առոյգ ոգին սերմանելու հայ նոր սերունդին մէջ եւ ընկերային առողջ մթնոլորտ ստեղծելու անոնց համար: Ան յայտնեց, որ այս տարի նոր մարզախաղեր աւելցած են մրցաշարքին (աթլէթ, լող, քարաթէ եւ քունկ ֆու):

Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանին եւ Բեթէլ երկրորդական վարժարանի տնօրէնութեան՝ վարժարանի շրջափակն ու սրահը տրամադրելնուն համար:

Այնուհետեւ վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան իր սրտի խօսքը ուղղելով ներկաներուն՝ գնահատեց 100-ամեայ ՀՄԸՄ-ը, որ նոյնիսկ տագնապի տարիներուն կազմակերպեց այսպիսի ձեռնարկներ:

Ապա ներկաները ուղղուեցան «Փոլատեան» սրահ, ուր վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան եւ մարզիչներ Յակոբ Միսաքեան, Մկօ Սումպիւլեան եւ Միրէյ Թիւթիւնճեան փինկ-փոնկի ցուցադրական խաղով կատարեցին մրցաշարքին բացումը: Այնուհետեւ ընթացք առին վարժարաններու աշակերտներուն մրցումները: