Երեք Տարի Անց Արցախեան Հակամարտութիւնը Կը Մնայ Չլուծուած

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդը հրապարակած է իր UNRESOLVED: The Conflict Over Artsakh (Mountainous/Nagorno-Karabakh)» («ՉԼՈՒԾՈՒԱԾ․ Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղի) Հակամարտութիւնը») փաստաթուղթին թարմացուած խմբագրութիւնը։ Նոր խմբագրութիւնը կը վերանայի 2025-ի Մարտ 19-ի տարբերակը եւ կ՝արձանագրէ այն, ինչ այդ ժամանակէն ի վեր տեղի ունեցած է Արցախի եւ անոր ժողովուրդին հետ։

ազրպէյճանի շրջափակումէն եւ ռազմական յարձակումէն, որոնց հետեւանքով աւելի քան 100,000 հայ բռնի տեղահանուեցաւ իր հայրենիքէն, երեք տարի անց փաստաթուղթը կ՝եզրակացնէ, որ հակամարտութիւնը կը մնայ չլուծուած։ Ռազմական ուժի կիրառումը փոխեց տարածքը վերահսկողը, սակայն չլուծեց տեղի ժողովուրդի իրաւունքներուն հարցը։

ԻՆՉ Կ՝ԱՐՁԱՆԱԳՐէ ԹԱՐՄԱՑՈՒԱԾ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԸ

– Ճանաչում՝ առանց երաշխիքներու։ 2022-ի Հոկտեմբեր 6-ին Պրահայի, իսկ 2023-ի Մայիսին՝ բացայայտօրէն, Հայաստանի կառավարութիւնը Լեռնային Ղարաբաղը ճանչցաւ ազրպէյճանի մաս՝ առանց անոր ժողովուրդին համար որեւէ համաձայնեցուած երաշխիքի։ 2025-ի Օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ նախաստորագրուած համաձայնագիրը կը լռէ անոնց վերադարձի իրաւունքի, անվտանգութեան, սեփականութեան ու ժառանգութեան, ինչպէս նաեւ հայ պատանդներուն մասին։ Անիկա կը մնայ չստորագրուած, քանի որ ազրպէյճանը առաջ կը քշէ նոր նախապայմաններ, ինչպէս՝ Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւն։

– Միջազգային ձեւաչափի բացակայութիւն։ ԵԱՀԿ Մինսկի գործընթացը փակուեցաւ 2025-ի Նոյեմբեր 30-ին, եւ այլեւս չկայ միջազգային իրաւագիր ունեցող որեւէ ձեւաչափ, որուն օրակարգին մէջ ըլլան Արցախի հայերուն իրաւունքները։

– Նահանջող կառավարութիւն։ Հայաստանի կառավարութիւնը վերադարձը յայտարարած է «ոչ իրատեսական», իսկ ղարաբաղեան շարժումը՝ փակուած, եւ քայլեր ձեռնարկած է Արցախի՝ վտարանդիութեան մէջ գործող ներկայացուցչական հիմնարկներուն դէմ։

– Պատանդներ եւ կեղծ դատավարութիւններ։ ազրպէյճանը կը պահէ 20 հայ պատանդ, որոնց մէջ՝ Արցախի ութ նախկին ղեկավարներ, որոնք միջազգային չափանիշներէն խիստ հեռու դատավարութիւններէ ետք դատապարտուած են ցմահ կամ 20 տարուան ազատազրկման, եւ անոնց զրկած է անկախ այցելութիւններու հնարաւորութենէն։

– Ժառանգութեան ջնջում։ 2026-ին աւերուած են Ստեփանակերտի Սուրբ Աստուածամօր Մայր տաճարը, այլ եկեղեցիներ ու յուշահամալիրներ՝ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի պարտադիր որոշումներու խախտումով։ Աւելին՝ ազրպէյճանը հայկական վանքերը օտարերկրեայ դիւանագէտներուն կը ներկայացնէ իբրեւ «աղուանական»։

– Բռնի տեղահանութիւն։ 2020-էն ի վեր Արցախէն բռնի տեղահանուած է շուրջ 150,000 հայ։ ազրպէյճանը տարածաշրջանը կը վերաբնակեցնէ իր քաղաքացիներով՝ հայերը զրկելով վերադարձի իրաւունքէն, իսկ տեղահանուածները Հայաստանի մէջ կը բախին աճող դժուարութիւններու։

«Արցախի հայերու արտաքսումը չաւարտեց հակամարտութիւնը, այլ խորացուց անարդարութիւնը։ Ոչ մէկ համաձայնագիր, որ պաքուի մէջ կը ձգէ 20 պատանդ, կը փակէ տուն վերադառնալու ճանապարհը եւ կը ջնջէ ժողովուրդի մը ժառանգութիւնը, կրնայ խաղաղութիւն կոչուիլ։ Կոչ կ՝ընենք կառավարութիւններուն Արցախին վերաբերելու իբրեւ իրապէս չլուծուած խնդիրի եւ անոր ժողովուրդին իրաւունքները վերադարձնելու միջազգային օրակարգ», ըսած է Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան։

ԻՆՉ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Փաստաթուղթը կ՝աւարտի ազրպէյճանը, միջազգային հանրութիւնը եւ Հայաստանի կառավարութեան ուղղուած տասներեք պահանջով։ Անոնց մէջ են՝

– Բոլոր 20 հայ պատանդներու անյապաղ եւ անվերապահ ազատ արձակումը, իսկ մինչ այդ՝ անոնց մօտ անկախ մարդասիրական մուտքը, ինչպէս նաեւ բռնի անհետացուածներու եւ անհետ կորածներու ճակատագրի լիարժէք պարզաբանումը,

– Արցախի հայերու հաւաքական, անվտանգ եւ արժանապատիւ վերադարձը միջազգային երաշխիքներով՝ անոնց սեփականութեան, ինքնութեան եւ ժառանգութեան պաշտպանութեամբ, ինչպէս կարգադրած է Արդարադատութեան միջազգային դատարանը,

– Միջազգային լիազօրութեամբ նոր ձեւաչափ՝ ԵԱՀԿ-ի կամ ՄԱԿ-ի ներքոյ, որուն մասնակցին Արցախի ընտրուած ներկայացուցիչները, եւ Զուիցերիոյ խորհրդարանին կողմէ լիազօրուած խաղաղութեան համաժողովի գումարումը,

– Հաշուետուողականութիւնը՝ անպատժելիութեան փոխարէն, եւ ոչ մէկ կարգաւորում, որ պիտի վերացնէ տեղահանուածներու եւ կալանաւորուածներու պահանջները,

– Հայկական ժառանգութեան պաշտպանութիւնը, ներառեալ՝ UNESCO-ի անկախ առաքելութեան միջոցով, եւ անոր վերագրման օրինականացման մերժումը,

– ազրպէյճանական զինուած ուժերու դուրսբերումը Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքէն եւ ազրպէյճանի նախապայմաններու վերացումը,

– Հայաստանի կառավարութենէն՝ այս իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, Արցախի հիմնարկներու վրայ ճնշումներու դադրեցումը եւ տեղահանուած բնակչութեան համար երկարաժամկէտ քաղաքականութիւնը։

ԿԱՐԴԱԼ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԸ

Թարմացուած փաստաթուղթը կը ներկայացնէ հակամարտութիւնը՝ սկիզբէն մինչեւ մեր օրերը, եւ այնտեղ իւրաքանչիւր փաստ կը յղէ համապատասխան համարակալուած աղբիւրի։ Փաստաթուղթը հասանելի է անգլերէնով՝ armeniancause.net/wp-content/uploads/2026/11/20261116-UNRESOLVED_-_Artsakh_Conflict_-_Final.pdf։

ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

Երեւան, 17 Նոյեմբեր 2026