Նոյեմբեր 9-ի Յայտարարութեան 6-րդ Տարելիցին՝ Ընդդիմութիւնը Կը Վերահաստատէ Ապազգային Օրակարգին Դէմ Պայքարելու Իր Վճռակամութիւնը

Uncategorized

Նոյեմբեր 9-ին, 2020 թուականի Արցախեան 44-օրեայ պատերազմը դադրեցուցած եռակողմ յայտարարութեան ստորագրութեան վեցերորդ տարելիցին առիթով, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորները այցելեցին Եռաբլուր զինուորական պանթէոն՝ յարգանքի տուրք մատուցելու հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած հայորդիներու յիշատակին։

Լրագրողներու հետ զրոյցներու ընթացքին ընդդիմադիր պատգամաւորները խստօրէն քննադատեցին Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան վարած քաղաքականութիւնը՝ ընդգծելով, որ Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան ծանր հետեւանքները կը շարունակեն սպառնալ Հայաստանի անվտանգութեան եւ ինքնիշխանութեան։

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան յայտարարեց, որ տակաւին ամբողջութեամբ չեն գնահատուած եւ իմաստաւորուած Նոյեմբեր 9-ի «անձնատուական փաստաթուղթ»-ին հետեւանքները՝ զայն որակելով այդ ժամանակուան իշխանութիւններու «կազմակերպուած անկազմակերպուածութեան ողբերգական արդիւնքը»։

Մանուկեան շեշտեց, որ իշխանութիւնները շարունակած են շահարկել այդ փաստաթուղթը, իսկ այսօր հպարտութեամբ կը ներկայացնեն TRIPP նախաձեռնութիւնը, որ ազրպէյճանին Նախիջեւանի հետ անխոչընդոտ հաղորդակցութեան կարելիութիւն կու տայ։ Ան նաեւ անդրադարձաւ պաքուի հակահայ քաղաքականութեան, որ յանգեցաւ Արցախի շրջափակման եւ 2023-ի Սեպտեմբերին արցախահայութեան բռնի տեղահանութեան։

ՀՅԴ անդամ, «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արթուր Խաչատրեան, իր կարգին, մերժեց իշխանութիւններու այն պնդումները, թէ Հայաստանի եւ ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութիւն հաստատուած է։

«Ի՞նչ խաղաղութիւն, եթէ երկրի մէկ մասը բռնագրաւուած է թշնամի պետութեան կողմէ։ Ի՞նչ խաղաղութիւն, եթէ թշնամին կը շարունակէ սպառնալ, իսկ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը պատանդ կը պահուի, արցախահայութեան կ՚արգիլուի վերադառնալ իր հայրենիքը, եւ Արցախի մէջ ամէն օր կը ոչնչացուի հայկական հետքը»,- ընդգծեց Խաչատրեան։

Ան շեշտեց, որ ներկայ իրավիճակը իրական խաղաղութիւն չէ, այլ 2020-ի Սեպտեմբեր 27-ին սկսած պատերազմի ժամանակաւոր դադարի փուլ մը։

Իր կարգին, «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Աննա Գրիգորեան յայտարարեց, որ իշխանութիւններու խոստացած խաղաղութիւնը իրականութիւն չի դառնար, մինչ ազրպէյճան կը շարունակէ նոր պահանջներ ներկայացնել Հայաստանին։

Գրիգորեան ընդգծեց, որ Հայաստանի հիմնական ընդդիմադիր քաղաքական ուժերը համախոհութիւն գոյացուցած են մէկ առանցքային հարցի շուրջ՝ թոյլ չտալ Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը ալիեւի պահանջներուն համաձայն։

Ան վստահեցուց, որ ընդդիմադիր պատգամաւորները պիտի գործադրեն իրենց բոլոր կարելիութիւնները՝ կանխելու «ալիեւի պարտադրած Սահմանադրութեան» հանրաքուէի ներկայացումը, միաժամանակ կարեւոր նկատելով ժողովուրդին հետ անմիջական աշխատանքը եւ հանրային համախմբումը։

Վեց տարի ետք, Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան հետեւանքները, պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներու ճակատագիրը եւ արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքը կը շարունակեն մնալ ազգային օրակարգի չլուծուած հիմնախնդիրներ։