COP17-ի Գումարման Վայրին Դիմաց Արցախցիները Բարձրացուցին Գերիներուն Եւ Բռնի Տեղահանուած Արցախահայերուն Հարցերը

Աշխարհ, Հայաստան

Հոկտեմբեր 28-ին, արցախցիները բողոքի ցոյց կատարեցին Երեւանի Կարէն Դէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մօտ (ուր տեղի կ՛ունենան COP17-ի ժողովները)` բարձրաձայնելով Արցախի բնակչութեան իրաւունքներու, Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած հայրենիքի, հայ գերիներու եւ բռնի տեղահանուած արցախահայերուն խնդիրները:

Ցոյցին մասնակիցները նշեցին, որ COP17 համաժողովին ծիրէն ներս կ՛անտեսուին Արցախի ժողովուրդին խնդիրներն ու մշակութային ժառանգութիւնը: Անոնք նաեւ սեփական ցուցադրութիւն կազմակերպած էին՝ ներկայացնելով Արցախի պատմութիւնը, մշակոյթը, երաժշտութիւնն ու խոհանոցը:

Նշենք, որ COP17-ի ընթացքին արցախցիներուն մերժեցին տաղաւար տրամադրել. «Արցախ միութեան» դիմումը մերժուած է առանց որեւէ պատճառաբանութեան: Առցանց ընթացակարգով լրացուած դիմումի պատասխանին մէջ նշուած է միայն, որ տաղաւար չի տրամադրուիր: