Մայր Աթոռի Մէջ Քննարկուած են Արցախահայութեան Հասարակական Խնդիրներն ու Իրաւունքներու Պաշտպանութիւնը

Աշխարհ, Հայաստան

Հոկտեմբեր 29-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց Օքսֆորտի համալսարանի Պլեքֆրայըրս Հոլի Լաս Գասասի հասարակական արդարութեան ուսումնարանի տնօրէն, աւագ գիտաշխատող դոկտոր Հիւկօ Սլիմը։

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ եղաւ Հայոց Եկեղեցւոյ հոգեխնամ ու ազգապահպան առաքելութեան, բռնի տեղահանուած արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեանն ու հասարակական խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ Արցախի հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան ուղղուած քայլերուն։ Կարեւոր համարուեցաւ քրիստոնէական Եկեղեցիներու, գիտական շրջանակներու եւ մարդասիրական կառոյցներու գործակցութիւնը՝ ի նպաստ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հասարակական արդարութեան հաստատման։

Զրոյցին ընթացքին մտքեր փոխանակուեցան Պլեքֆրայըրս Հոլի ու Մեծ Բրիտանիայի եւ Իռլանտայի հայոց թեմի միջեւ համագործակցութեան ընդլայնման, արցախահայութեան իրաւունքներու եւ հայկական ժառանգութեան պաշտպանութեան վերաբերեալ ակադեմիական հետազօտութիւններու կազմակերպման եւ Օքսֆորտի մէջ գիտաժողովներու իրականացման շուրջ։ Քննարկուեցան նաեւ Պլեքֆրայըրս Հոլի մէջ հոգեւորականներու ուսումնառութեան եւ հետազօտական աշխատանքի հնարաւորութիւնները։