Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Հետ Զրոյց՝ «Հոգեւոր եւ Ազգային Արժէքներու Վերակենսաւորման Հրամայականը» Նիւթով

Սփիւռք

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային Առաջնորդարանին, Երեքշաբթի, 27 Հոկտեմբեր, 2026-ին, երեկոյեան ժամը 7։30-ին, Ազգային Առաջնորդարանի Երջօ Սամուէլեան «Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ զրոյց-հանդիպում մը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գահակալ` Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ, նիւթ ունենալով «Հոգեւոր եւ Ազգային արժէքներու վերակենսաւորման հրամայականը»։

Բացման բարի գալստեան իր խօսքին մէջ, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան:

Այնուհետեւ խօսք առաւ «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն` Տիար Շահան Գանտահարեան։

Իր հայրական խօսքը ներկաներուն ուղղելով, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը դիտել տուաւ, որ իր խօսքը քարոզ, պատգամ կամ դասախօսութիւն չէ, այլ ներկաներուն հետ զրոյց։

Երեկոյթը փակուեցաւ Վեհափառ Հայրապետի «Պահպանիչ» աղօթքով։