Հայ Գերիներու Հարցով Երրորդ Երկիրներ Եւս Կրնան Միջազգային Դատական Գործընթացներ Նախաձեռնել. Եղիշէ Կիրակոսեան
պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներուն դէմ ընթացող դատավարութիւնները ի սկզբանէ ապօրինի են, եւ անոնցմէ միջազգային արդարադատութեան չափանիշներուն համապատասխան ընթացք ակնկալելը միամտութիւն պիտի ըլլայ։ Այս մասին յայտարարեց միջազգային իրաւական հարցերով Հայաստանի նախկին ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեան՝ Երեւանի մէջ կայացող «Վերադարձ հայ գերիներուն» միջազգային համաժողովին ընթացքին։
Կիրակոսեան ընդգծեց, որ միջազգային դատական ատեանները կարեւոր հարթակներ են, ուր պետութիւնները հաւասար պայմաններու մէջ կրնան ներկայացնել իրենց դիրքորոշումները, փաստարկներն ու ապացոյցները՝ միաժամանակ հակազդելով տեղեկատուական եւ քարոզչական պայքարին։
Անոր գնահատումով՝ միջազգային արդարադատութեան համակարգին մէջ կողմերու հաւասար իրաւունքները յատկապէս կարեւոր են այն պարագաներուն, երբ իրականութեան մէջ անոնց քաղաքական եւ այլ հնարաւորութիւնները անհաւասար են։
Անդրադառնալով ազրպէյճանի կողմէ տարածքային ամբողջականութեան եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի մեկնաբանութիւններուն՝ Կիրակոսեան շեշտեց, որ տարածքային ամբողջականութենէն անջատուելու ձգտումը քրէականացնելը կը հակասէ միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքներուն։
«Տարածքային ամբողջականութիւնն ու ժողովուրդներու ինքնորոշումը զիրար ամբողջացնող սկզբունքներ են։ Տարածքի նկատմամբ ինքնիշխանութիւնը առանց ժողովուրդի անիմաստ կը դառնայ, որովհետեւ ինքնիշխանութեան իմաստը առաջին հերթին մարդն է», նշեց ան։
Կիրակոսեան նաեւ անդրադարձաւ միջազգային իրաւունքի erga omnes պարտաւորութիւններու սկզբունքին, որուն համաձայն՝ որոշ հիմնարար պարտաւորութիւններու խախտման պարագային միջազգային հանրութեան անդամ պետութիւնները իրաւունք ունին պահանջ ներկայացնելու խախտումը կատարած պետութեան դէմ՝ նոյնիսկ եթէ իրենք անմիջականօրէն չեն տուժած։
Այս սկզբունքը, անոր բացատրութեամբ, միջազգային իրաւական պատասխանատուութեան հարցը կը տարածէ անմիջականօրէն տուժած պետութեան սահմաններէն անդին՝ հնարաւորութիւն տալով միջազգային հանրութեան անդամներուն հետապնդելու հիմնարար իրաւունքներու խախտումներուն պատասխանատուութեան հարցը։
