Դաշնակցական Երիտասարդները ԱԱԾ-ի Դիմաց Պահանջեցին Չարտայանձնել Հայ Կնոջ Վրայ Կրակած ազրպէյճանցի Զինծառայողը

Աշխարհ, Հայաստան

ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան նախաձեռնութեամբ, Հոկտեմբեր 2-ին բողոքի հաւաք տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան շէնքին դիմաց՝ պահանջով, որ Հայաստանի սահմանը խախտած եւ Սիւնիքի Շաքի բնակավայրին մէջ հայ կնոջ վրայ կրակած ազրպէյճանցի զինծառայողը չարտայանձնուի ազրպէյճանին։

Ցուցարարները պահանջեցին, որ զինծառայողը պատասխանատուութեան ենթարկուի իր կատարած արարքին համար եւ որ անոր վերադարձը ազրպէյճան տեղի չունենայ իբրեւ «բարի կամքի դրսեւորում»։ Հաւաքի մասնակիցները միաժամանակ շեշտեցին, որ անոր հնարաւոր վերադարձը պէտք է քննարկուի միայն պաքուի բանտերուն մէջ պահուող հայ գերիներու ազատ արձակման կամ փոխանակման ծիրին մէջ։

ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Տարօն Մանուկեան յայտարարեց, որ երիտասարդները «մեծ ամօթով» կանգնած են ԱԱԾ-ի շէնքին դիմաց՝ Հայաստանի պետական կառոյցներէն պահանջելու այն, ինչ պետութիւնը ինքնին պարտաւոր է ապահովել։

Մանուկեան ընդգծեց, որ խօսքը Հայաստանի սահմանը խախտած, հայկական բնակավայր հասած եւ հայ կնոջ վրայ կրակ բացած ազրպէյճանցի զինծառայողի մասին է։ Ան մտահոգութիւն յայտնեց, որ վերջինս կրնայ ազրպէյճանին վերադարձուիլ «բարի կամքի դրսեւորում» ներկայացուող քայլով՝ առանց հայ գերիներու հարցին մէջ որեւէ փոխադարձ քայլի։

«Միակ նախապայմանը պէտք է ըլլայ հայ գերիի հետ փոխանակումը», շեշտեց Մանուկեան։

Հաւաքի մասնակիցները նաեւ բարձրացուցին սահմանային անվտանգութեան եւ պետական համապատասխան մարմիններու պատասխանատուութեան հարցերը՝ շեշտելով, որ Հայաստանի տարածք զինուած օտար զինծառայողի ներթափանցումը եւ հայկական բնակավայր հասնիլը լուրջ անվտանգային խնդիրներ կը բացայայտեն։

Ցոյցը կազմակերպուած էր ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան եւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութեան կողմէ։