Հայաստան» Խմբակցութեան Ղեկավարները Ընդունեցին IODA-ի Փաստահաւաք Առաքելութեան Ներկայացուցիչները

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Աննա Գրիգորեան եւ խմբակցութեան քարտուղար Արթուր Խաչատրեան Սեպտեմբեր 29-ին Ազգային ժողովին մէջ ընդունեցին «Հայաստանի մէջ Ժողովրդավարութեան միջազգային դիտարանի» (IODA) անկախ փաստահաւաք առաքելութեան ներկայացուցիչները։

Հանդիպման ընթացքին «Հայաստան» խմբակցութեան ներկայացուցիչները առաքելութեան ներկայացուցին Հայաստանի մէջ քաղաքական հետապնդումներու, մարդկային իրաւունքներու վիճակին եւ ժողովրդավարական հաստատութիւններու հետեւողական թուլացման վերաբերող շարք մը փաստեր եւ օրինակներ։

Քննարկման առանձին բաժին մը յատկացուեցաւ կալանքը իբրեւ խափանման միջոց կիրառելու գործելակերպին։ Գրիգորեան եւ Խաչատրեան ներկայացուցին այն դէպքերը, ուր կալանքը չարաշահուած է եւ գործածուած քաղաքական ընդդիմախօսներու նկատմամբ իբրեւ պատժիչ միջոց։

Հանդիպումը տեղի ունեցաւ այն ժամանակ, երբ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական չափանիշներու, ընտրական գործընթացներու եւ ընդդիմադիր գործիչներու նկատմամբ իրաւական հետապնդումներու հարցերը կը շարունակեն միջազգային դիտորդական կառոյցներու ուշադրութեան առարկայ մնալ։ ԵԽԽՎ-ի՝ 2026-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն նուիրուած վերջնական զեկոյցը եւս մտահոգութիւններ արձանագրած էր ընտրական որոշ որոշումներու, քաղաքական բեւեռացման եւ վարչական միջոցներու օգտագործման վերաբերեալ։