ՀՕՄ-ի Նախաձեռնութեամբ` Արցախի Գաղթական Հայ Կիներուն Եւ Մանուկներուն Մարդկային Արդարութեան Հարցը Պիտի Ներկայացուի ՄԱԿ-ի Մարդկային Իրաւանց Խորհուրդի 63-րդ Նստաշրջանին

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

«Տեղահանուածներու արդարութիւն` Արցախի հայ կիներու եւ մանուկներուն. վերադարձի իրաւունքի յառաջմղում` մարդկային իրաւունքներու, կալուածներու վերականգնման, մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ կայուն վերականգնումի միջոցով» խորագիրը կրող նախաձեռնութիւնը տեղի պիտի ունենայ 24 Սեպտեմբեր 2026-ին, ժամը 17:00-ին, Ժընեւի Ազգերու պալատին (Palais des Nations) XI սրահին մէջ:

Քննարկումը լուսարձակի տակ պիտի առնէ մարդասիրական եւ մարդկային իրաւանց շարունակուող հետեւանքները, որոնց ենթարկուած են 2023-ին Արցախէն բռնի տեղահան եղած աւելի քան 100.000 բնիկ հայեր` առանձնայատուկ ուշադրութիւն դարձնելով կիներու եւ մանուկներու փորձառութիւններուն ու իրաւունքներուն:

Քննարկման հիմնական ուղղութիւնները պիտի ըլլան` տեղահանուած անձերու պաշտպանութիւնը եւ բնակարանային, առողջապահութեան, կրթութեան, աշխատանքի ու ընկերային ծառայութիւններու ապահովումը, կամաւոր, ապահով, արժանապատիւ եւ կայուն վերադարձի սկզբունքները, բնակարանային, հողային եւ կալուածային իրաւունքներու վերականգնումը, մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութիւնը, հաշուետուողականութիւնը, անցումային արդարադատութիւնը եւ չկրկնուելու երաշխիքները:

Ձեռնարկը պիտի մէկտեղէ` տուեալ մարմինին անդամ պետութիւններու ներկայացուցիչներ, միջազգային իրաւական եւ մարդկային իրաւանց մասնագէտներ, մարդասիրական ոլորտի գործիչներ, քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներ եւ այլ շահագրգիռ կողմեր` քաջալերելու համար երկխօսութիւնը եւ յառաջ տանելու արդարութեան, վերականգնումի ու մնայուն լուծումներու գործնական, մարդկային իրաւունքներու վրայ հիմնուած մօտեցումները: