Այսօր, Առաւել Քան Երբեւէ, Հայերուն Անհրաժեշտ է Միասնութիւնը. ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի Գրասենեակը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան 35-ամեակին Առիթով

Հայաստան, Սփիւռք

ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը ջերմագին մաղթանքներ կը յղէ եւ սրտանց կը շնորհաւորէ Հայաստանի Հանրապետւթիւնը, աշխարհասփիւռ հայութիւնը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 35-ամեակին առիթով։

«Անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը մեր մեծագոյն ձեռքբերումն է, որ ծնած է ամբողջ ազգի մը՝ ներառեալ՝ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադիր հայրերու ձգտումներէն, զոհողութիւններէն եւ վճռականութենէն։

Այսօր՝ Արցախի ողբերգական հայաթափումէն երեք տարի անց, մեզի առաւել քան երբեւէ անհրաժեշտ է միասնութիւնը․ ոչ թէ միակարծութիւն, այլ միասնութիւն՝ մեր հիմնարար ազգային շահերու, մեր հայրենիքի անվտանգութեան, ինքնիշխանութեան եւ ժողովրդավարական ապագայի շուրջ։

Քաղաքական տարաձայնութիւնները բնական են ցանկացած ժողովրդավարական հասարակութեան մէջ։ Սակայն անոնք երբեք պէտք չէ դառնան պատճառ հայերը իրարու դէմ հանելու կամ ​​Հայաստանի հասարակութեան, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ Սփիւռքի միջեւ արհեստական ջրբաժաններ ստեղծելու համար։

Ոչ մէկ կառավարութիւն, անկախ իր քաղաքական կողմնորոշումէն, պէտք չէ պառակտէ մեր ազգային կեանքի այս կարեւորագոյն բաղադրիչները։ Մենք պէտք է կարենանք տարբեր կարծիքներ ունենալ՝ միաժամանակ մնալով միասնական այն հիմնարար սկզբունքներուն շուրջ, որոնք վեր են քաղաքական շրջափուլերէն. անոնք են՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութիւնն ու անվտանգութիւնը, ազգային ինքնութեան եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանումը, հայերու հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութիւնը եւ Հայաստանի ու Սփիւռքի միջեւ կապերու ամրապնդումը։

Պատմութիւնը մեզի կը սորվեցնէ, որ երբ միասնական ենք, ցուցաբերած ենք մեր քանակէն շատ աւելի մեծ ուժ։ Հակառակ պարագային, երբ ներքին պառակտումները տկարացուցած են մեր ազգային համախմբուածութիւնը, ուրիշներ կրցած են օգտուիլ այդ պառակտումներէն՝ ի վնաս մեր հաւաքական շահերուն։ Ազգային միասնութիւնը չի նշանակեր լռութիւն։ Անիկա չի նշանակեր հրաժարիլ քաղաքական բանավէճէն կամ ժողովրդավարական տարաձայնութիւններէն։ Անիկա կը նշանակէ հրաժարիլ հայ ազգը ինքնին մեր քաղաքական տարաձայնութիւններու մարտադաշտ դարձնելէն։

ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը Եւրոպայի մէջ՝ յանուն մեր ազգային իրաւունքներու եւ շահերու պաշտպանութեան, ժողովրդավարական արժէքներու, Հայաստան-Եւրոպա յարաբերութիւններու ամրապնդման, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի միասնութեան ու արժանապատուութեան պահպանման։

Ուստի, անկախութեան այս օրը մեր ուղերձը միասնութեան, պատասխանատուութեան եւ յոյսի ուղերձ է։

Թող Հայաստանի Հանրապետութիւնը ըլլայ ինքնիշխան, անվտանգ, ժողովրդավարական եւ բարգաւաճ։

Թող հայ ժողովուրդը՝ թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան, թէ՛ Սփիւռքի մէջ, ըլլայ միասնական՝ պաշտպանելով մեր ազգային արժանապատուութիւնը, իրաւունքներն ու ապագան»,- ըսուած է ուղերձին մէջ։