«Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»․ Արամ Ա. Կաթողիկոս
Արամ Ա. կաթողիկոս դիմատետրի իր էջին վրայ կատարած է գրառում մը, միաժամանակ ներբեռնելով այն տեսերիզները, ուր ազրպէյճանի քաղաքական դէմքեր եւ եւրոպացի դիւանագէտներ կը պարեն Շուշիի մէջ ու հայկական կոթողները կը ներկայացնեն իբրեւ աղուանական մշակոյթի նմուշներ:
Ստորեւ` գրառումը.
«Խոր ցաւով ու ընդվզումով դիտեցինք ընկերային ցանցերը ողողած այս տեսերիզները (video-ները): Հայաստանի «բարեկամները» կը պարեն Շուշիի մէջ եւ «հիացումով» կը դիտեն ու կը լսեն` մեր սուրբերու աղօթքով, նահատակներու արիւնով ու ժողովուրդին ստեղծագործ ոգիով դարերու ընթացքին կանգնած մեր եկեղեցիները ու պատմամշակութային կոթողները որպէս ալպանական կառոյցներ: Պատմութեան ի՜նչ ահաւոր խեղաթիւրում մեր աչքերուն դիմաց…
Արդարեւ, ընդվզեցուցիչ երեւոյթ մը, որ հետեւանք է մեր անմիաբանութեան ու անհեռատես քաղաքականութեան: Ցաւալի երեւոյթ մը, որ մեզ պէտք է մղէ ինքնագիտակցութեան եւ համախմբուելու մեր հայրենիքին ու ազգին գերագոյն ու ընդհանրական արժէքներուն, շահերուն ու իտէալներուն շուրջ:
Կը յուսանք ու կ՛աղօթենք, որ «իրական» Հայաստանէն մասեր Շուշիի ճակատագիրին չենթարկուին` խաղաղութեան կեղծ շպարի ետին…»:
