«Երգող Արցախ»․ Տիգրան Ճինպաշեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Հայոց պատմութիւնը բնորոշ յատկանիշ մը ունի. երբ պարտադրաբար, զէնքերը կը լռեն, ինքնապաշտպանութեան բնազդը մշակոյթը կը վերածէ զէնքի: Շնորհիւ մշակոյթին, պայքարը կը շարունակուի:

Երբ Շուշին կորսնցուցինք, Շուշիի «Վարանդա» երգչախումբը փոխադրուեցաւ Ստեփանակերտ: Երբ Ստեփանակերտը եւս կորսնցուցինք, տարուան մը տատանումէն ետք, «Վարանդա» երգչախումբը վերածնաւ Երեւանի մէջ: Երգչախումբի հիմնադիրը, գեղարուեստական ղեկավարն ու խմբավարը` Զաքար Քէշիշեան, քանի մը նուիրեալներու օժանդակութեամբ, երեք տարիներէ ի վեր կը յաջողի հաւաքել գաղթական դարձած շուրջ յիսուն արցախցի պատանիներ ու մանուկներ եւ մեզի հրամցնել որակաւոր համերգներու շարք մը: Այս տարի սեպտեմբերի առաջին տասնօրեակին «Վարանդա» երգչախումբը համերգներով հանդէս կու գայ Մասիսի, Գիւմրիի, Երեւանի եւ Չարենցաւանի մէջ` 13 խմբերգներով, գրեթէ բոլորը նոր` «Վարանդա» երգչախումբին համար յօրինուած մշակումներ:

«Վարանդա» երգչախումբը աւանդութիւն դարձուցած է ամէն տարի նոր մշակումներով հանդէս գալ: Իր գոյութեան 34 տարիներու ընթացքին, յայտնի տաղանդաւոր երաժշտահաններ, միաժամանակ երիտասարդ արուեստագէտներ «Վարանդա» երգչախումբին համար ստեղծագործած են 170 խմբերգներ: «Վարանդա» երգչախումբը կը նպաստէ մանկապատանեկան երաժշտութեան զարգացման: Այս տարուան համար երաժշտահանները ստեղծագործած են 32 նոր խմբերգներ, որոնցմէ խումբը կատարեց միայն 14-ը:

Այսպէս ուրեմն, Երեւանէն, Էջմիածինէն, Մասիսէն, Աբովեանէն ու մօտակայ այլ վայրերէ յիսնակ մը արցախցի պատանիներ եւ մանուկներ ամառնային յուլիս եւ օգոստոս ամիսներուն, շաբաթը հինգ օր կը հաւաքուին Երեւանի մէջ երգչախմբային փորձեր կատարելու համար: Նոր երգեր սորվելու համար, երգեր, որոնք պիտի տարածուին ու հարստացնեն մանկապատանեկան հայ երաժշտութեան երգապնակը:

Երգերուն բառեր գրողներու, երաժշտութիւն յօրինողներու, մասնակից պատանիներուն, անոնց ծնողներուն, օգնականներուն, հովանաւորներուն ու յատկապէս խմբավարին կատարած տիտանական աշխատանքը, նուիրումը մաս կը կազմեն արցախեան վերանորոք պայքարին: Յայտագիրին մէջ տեղ գտած խօսքին մէջ խմբավարը` պարոն Զաքարը, կը հաստատէ, որ` «Խորապէս հաւատալով արդարութեան յաղթանակին, կը կանխազգամ ուշ կամ կանուխ Արցախ վերադարձի իրողութիւնը»: Արցախի հարցը չէ փակուած, պայքարը կը շարունակուի նոր միջոցներով. 150,000 արցախցիներու վերադարձը պիտի ըլլայ, Արցախը պիտի վերակենդանանայ, ինչպէս կը վստահեցնէր 1918 օգոստոս մէկին Հայաստանի նորաստեղծ հանրապետութեան Ազգային խորհուրդի նախագահ Հայր Աբրահամը (Աւետիք Սահակեան) փոքր Հայաստանը պիտի ընդարձակուի անպայման` «պատմութեան երկաթեայ օրէնքով»:

Յուզիչ է, միաժամանակ յուսադրող, տեսնել «Վարանդա» երգչախումբի անդամներուն արցունքները, երբ համերգի աւարտին կ՛երգեն Արցախի քայլերգը: Կրկին վերադառնանք խմբավարի խօսքին.

«Յոյսը վերջինը կը մեռնի», կ՛ըսէ ժողովրդային իմաստութիւնը: «Յոյսը ամօթով չի ձգեր», կ՛ըսէ Աստուածաշունչը: Ուրեմն` կ՛արժէ շարունակել…»:

Շարունակելի յաջորդ տարին յոբելենական է. կը լրանայ Շուշիի «Վարանդա» երգչախումբին հիմնադրութեան 35-ամեակը: Յոբելենական այս առիթը պարտինք վերածել արցախեան պայքարի կրակին վերարծարծման, բոցավառման միջոցի: Եւ ինչպէս Հայաստանի անկախութեան համար պայքարի հիմքերուն եղաւ Ղարաբաղեան պայքարը, թող արցախեան վերանորոգ պայքարը դառնայ Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային ճշմարիտ իշխանութեան ստեղծման նախադրեալը:

Շուշիի «Վարանդա» երգչախումբի համերգներու շարքը կ՛իրականանայ Հայաստանի իշխանութիւններուն ու հայաստանեան մամուլին լռութեան պայմաններուն մէջ: Հայաստանի գործող իշխանութեան համար այլեւս գոյութիւն չունի արցախեան հարց, ըստ անոր, Արցախի հայաթափումով… յաղթանակ տարած ենք ու խաղաղութիւն իրականացուցած: Կազմակերպուած պարտութիւնը Հայաստանի խափուսիկ խաղաղութիւն բերած է: Բոլոր պարտութիւններն ալ խաղաղութիւն կը բերեն, եթէ համակերպիս պարտութեան եւ մոռացութեան տաս «պատմութեան երկաթէ օրէնքը»: Եթէ մերժես շարունակել պայքարը` արդարութիւն հաստատելու համար: Առանց արդարութեան, խաղաղութիւնը սուտ է: «Երգող Արցախ» համերգաշարը թող դառնայ արդարութեան շեփորահարը: