Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Ազատ Ոճի Ըմբիշ Արսէն Յարութիւնեանը

Հայաստան, Սփիւռք

Հինգշաբթի, 27 Օգոստոս 2026-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի,  ազգային հաւաքականի առաջատար մարզիկներէն Արսէն Յարութիւնեանը:

Յարութիւնեան Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի յաջողակ ներկայացուցիչներէն է: Ան Եւրոպայի քառակի ախոյեան, աշխարհի առաջնութեանց քառակի պրոնզէ մետալակիր եւ մինչեւ 23 տարեկաններու աշխարհի կրկնակի ախոյեան է: Մասնակցած է նաեւ երկու Ողիմպիական խաղերու` Թոքիոյի եւ Փարիզի մէջ:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ եղաւ անոր մարզական ուղիին, յառաջիկայ կարեւոր մրցումներուն եւ Հայաստանի անունը միջազգային հարթակներու վրայ բարձր պահելու իր առաքելութեան:

Ա. Յարութիւնեան ներկայիս կը պատրաստուի Սեպտեմբեր 19-ին կայանալիք RAF League-ի գօտեմարտին, իսկ Հոկտեմբեր 24-ին պիտի մասնակցի աշխարհի առաջնութեան` աշխարհի ախոյեանի տիտղոսին համար պայքարելու նպատակով:

Վեհափառը իր օրհնութիւնը տուաւ Յարութիւնեանին եւ անոր մաղթեց մարզական ասպարէզին մէջ նորանոր յաջողութիւններ` Հայաստանի պատիւը բարձր պահելու եւ յաղթանակներ արձանագրելու առաքելութեան մէջ: